Ֆ­րան­սա­յի Սթ­րազ­պուրկ քա­ղա­քին մէջ Հոկ­տեմ­բեր 4ին հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր, քիւր­տեր, թուր­քեր ու ա­լե­ւի­ներ բո­ղո­քի ցոյց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են ի նշան Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի Սթ­րազ­պուրկ այ­ցին դէմ բո­ղո­քի:

Ըստ NEWS.amի` Nouvelles d’Armenie կը յայտ­նէ, որ հա­րիւ­րա­ւոր հայ ցու­ցա­րար­ներ հայ­կա­կան դրօշ­նե­րով երթ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Սթ­րազ­պուր­կի փո­ղոց­նե­րով: Ցու­ցա­րար­նե­րը էր­տո­ղա­նէն ու ա­նոր շրջա­պա­տէն պա­հան­ջած են ան­յա­պաղ դադ­րեց­նել ճնշում­նե­րը Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ բնա­կող հա­յե­րուն նկատ­մամբ եւ վերջ դնել թուրք-քրտա­կան բա­խում­նե­րուն հնչե­ցո­ւող հա­կա­հայ­կա­կան կո­չե­րուն: