Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին,  «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը՝ նուիրուած Խոսրով Ասոյեանի «Կանչը» պոեմին, որ հրատարակուած է 21 Սեպտեմբեր 2011-ին, Լոս Անճելըս:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը 26-29 Փետրուարին կը կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ՝ նուիրուած սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած ատրպէյճանահայութեան յիշատակին:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Թիերի Մարիանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքական հարցերով խորհրդական Տամիեն Լորասի Շաբաթ օր Ատրպէյճան այցելելով հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցած է եւ այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղած է պատգամ:

Կրօնական եւ ազգային նախաձեռնութիւններով, տօնուած է Վարդանանց հերոսամարտի ազգային տօնը։
Յունաստանի հայկական դպրոցներէն ներս աշակերտական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցած են: