Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին,  «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը՝ նուիրուած Խոսրով Ասոյեանի «Կանչը» պոեմին, որ հրատարակուած է 21 Սեպտեմբեր 2011-ին, Լոս Անճելըս:

Ընթերցման երեկոյին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ Խոսրով Ասոյեան «Բագին»ի աշխատակից է, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ, որ իր բանաստեղծութիւններով ունի իր արժէքը:
Ապա, Խոսրով Ասոյեանի գրական արժէքն ու գործերը ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեան: Ան ըսաւ, որ հեղինակին առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս տեսան 1968-1969 թուականներուն, ան հետագային հրատարակած է բանաստեղծական բազմաթիւ հատորներ, որոնք են «Կէտեր»ը, «Արեւագալ»ը, «Վերադարձ»ը, «Մենք ենք մեր սարերը»ն եւ «Կանչը»:
Կիրակոսեան շեշտեց, որ բանաստեղծին գործը դիւցազներգութիւն է, որ չունի կաղապարներ, այլ՝ ունի ժամանակակից հնչեղութիւն եւ արդիական շունչ: Սարգիս Կիրակոսեան նշեց, որ Խոսրով Ասոյեանի համար բանաստեղծութիւնը ամէնօրեայ կռիւ է՝ ներկայացնելու իր անհատական եւ ազգային յուզումներն ու ապրումները: Ներկայացնելէ ետք բանաստեղծութիւններուն քաղաքական ենթահողը՝ Կիրակոսեան աւելցուց, որ Ասոյեան տագնապող սփիւռքահայ է, որ յանձնառու է իր կոչումին՝ Արեւմտահայաստանին:
Սարգիս Կիրակոսեանի արժեւորման յաջորդեց Ասոյեանի գործերուն եւ ի մասնաւորի նոր հրատարակուած «Կանչը» պոեմէն հատուածներու ընթերցումը: