Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը 26-29 Փետրուարին կը կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ՝ նուիրուած սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած ատրպէյճանահայութեան յիշատակին:

Խորհուրդը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ 26 Փետրուարին զոհերուն նուիրուած պատարագ պիտի մատուցուի Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նոյն օրը Փարիզի Երեւանի պարտէզին մօտ գտնուող Կոմիտասի յուշարձանին ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին եւ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի ձեռնարկ:
27 Փետրուարին երեկոյեան Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեանը:
«Խաղաղութեան Ղարաբաղին» խորագրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ 29 Փետրուարին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ճշմարտութիւն եւ կեղծիք» խորագիրով հանդիպում-քննարկում մը, քաղաքական շրջանակներու մասնակցութեամբ: