Յունական թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան ամերիկեան Քոնկրեսի կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, ըստ որու 436 թեր եւ 1 դէմ քուէներով կը որոշուի իրենց տէրերուն վերադարձնել գողցուած քրիստոնէական սրբանկարները:

«ԱԼԻՔ»- «Հայ Դատի գրասենեակները եւ յանձնախմբերը, յանձնախմբերի տարած աշխատանքները եւ նրանց ազդեցութիւնն ու յաջողութիւնը մեր իրականութիւնում իսկապէս անգնահատելի են»:

Կանանց Միջազգային   օրուան առիթով, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական  Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ հայ կինը՝ աշխարհի չորս ծագերուն:

Գործազրկութեան մակարդակը շատ բարձր չափանիշերու հասած է համաեւրոպական գետնի վրայ, բայց յատկապէս Յունաստան՝ Եւրոպական Միութեան շրջագիծէն ներս գործազրկութեան ցանկի երկրորդ տեղը կը գրաւէ՝ 19.9 առ հարիւր տոկոսով։

Ֆրանսացի երեսփոխաններ կը նախազգուշացնեն թէ անհաւանական է
Հայոց Ցեասպանութեան ժխտման օրինագիծը շուտով նոր օրակարգի բերել...

Թուրքիոյ մամուլի ներկայացուցիչներ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումի հրապարակումէն անմիջապէս ետք զրոյցներ ունեցան ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններու կամ ծերակուտականներու հետ՝ ընտրելով մանաւանդ այն քաղաքագէտները, որոնք արդէն դէմ էին այս օրէնքին։