«Նուվել տ՛Արմենի» շաբաթաթերթը, վկայակոչելով հայրենի «Հայոց Աշխարհ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի Հայոց Թորգոմ արք. Մանուկեան պատրիարքը 19 Յունուարին մահաքունի մէջ մտած է եւ այժմ Երուսաղէմի մէկ հիւանդանոցին մէջ կը գտնուի:

Ըստ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան,  93-ամեայ պատրիարքին սիրտը կեցած է:  Բժիշկները անմիջապէս միջամտած են, եւ սիրտը  վերստին տրոփելու սկսած է, սակայն ան մահաքունի մէջ մտած է:
Պատրիարքական խորհուրդին որոշումով, Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքական փոխանորդ նշանակուած է: