Ուաշինկթընի մէջ կայացած ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որեւէ խօսք չեղաւ Ղարաբաղեան հարցի կամ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»:
ԱՄՆի եւ Թուրքիոյ նախարարներու հանդիպումը եւ անոր յաջորդած մամլոյ ասուլիսը ամբողջովին նուիրուած էին տարածաշրջանային խնդիրներու: Յայտարարութիւններու առիւծի բաժինը տրամադրուեցաւ Սուրիոյ հարցին, եւ իրանական հարցի շուրջ ընթացող զարգացումներուն:
Քլինթըն նշած է թէ Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն «Արաբական պետութիւններու լիկայի» Սուրիոյ հետ կապուած ծրագրին, որը ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդին կողմէ կարելի չեղաւ հաստատել՝ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի վեթոյի պատճառով: