ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Թիերի Մարիանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքական հարցերով խորհրդական Տամիեն Լորասի Շաբաթ օր Ատրպէյճան այցելելով հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:


Նախարար Մարիանի Ալիեւին յանձնած է Սարքոզիի ուղերձը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը հետագային եւս զարգացում ապրի: