Դամասկոսի մէջ 27 զոհ եւ 140 վիրաւորներ պատճառած ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումէն մէկ օր ետք, Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէի թաղամասին մէջ, լատիններու եկեղեցւոյ, նախակրթարանի եւ այլ դպրոցի մը մօտ զետեղուած ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառեց երկու զոհ եւ երեսուն վիրաւոր:

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Մարտ 16ին, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարքոլիս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Կազմակերպութեամբ «Նոա՛զ արք» ցուցասրահին, Չորեքշաբթի, 14 Մարտին ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն: Արդարեւ 17 տարի առաջ ցուցասրահի բացման հանդիսութեան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան յայտարարած է, որ ցուցասրահը պիտի ունենայ իր բարոյական կողմը եւ զուտ առեւտրական կառոյց պիտի չըլլայ, պիտի քաջալերէ հայ մշակոյթը, արուեստը, պիտի աջակցի միութիւններուն եւ այլն:

Երէկ Հինգշաբթի օր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հաւաքական հանդիպումներ եւ միաբանական հաւաք:

«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ Մարսէյի մէջ 14 Մարտին հանդիպում ունեցած է քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: