ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- Մարտ 2, 2012ի երեկոյեան, Արժանթինի հայ երիտասարդները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու դրօշակներով, հակա-ազերիական պաստառներով եւ արդարութեան պահանջի լոզունգներով, բողոքի ցոյց մը կատարեցին
Պուէնոս Այրէսի Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց՝ 1988 թուականի Փետրուարին Սումկայթի եւ Պաքուի հայերու դէմ կազմակերպուած ցեղասպանական ջարդերու 24րդ տարելիցին առիթով։ Ցոյցը կազմակերպող Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդները այդ հակամարդկային ոճիրը համարեցին Հարաւային Կովկասը գրաւելու եւ այլ ազգերէ պարպելու թուրք-ազերի փանթրքական ծրագի նոր փուլ մը, որու առաջին հանգրուանը սկիզբ առաւ 19րդ դարու վերջաւորութեան տեղի ունեցած հայերու ջարդերով։
Թէեւ Ատրպէյճանի դեսպանը՝ Մամմատ Ահմատզատա այս օրերուն Պաքու կը գտնուի, ընկերակցելով Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար՝ Հեքթոր Թիմերմանի պատուիրակութեան, դեսպանատունը շրջապատուած էր մեծ թիւով ոստիկաններով՝ դեսպանատան դիմումով։
Բողոքի ցոյցի ընթացքին, Հ. Յ. Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան անունով խօսք առաւ ընկ. Կիժերմօ Ֆեռայոլի, որ, ի մէջ այլոց, վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի արդար դատին զօրակցելու հայ երիտասարդութեան յանձնառութիւնը, մերկացուց թուրք-ատրպէյճանական փանթրքական սադրանքը զոր համարեց վտանգ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանին համար, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջեց Սումկայթի զոհերուն համար:
Երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուած այս բողոքի ցոյցը առիթ մը եղաւ ցոլացնելու Արժանթինի հայ համայնքի յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ խոր դատապարտումը՝ ազերի կառավարութեան ռազմատենչ սպառնալիքներուն, ի մասնաւորի նկատի ունենալով ատրպէյճանական դեսպանատան կոմէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր տարուած քարոզչական զօրաւոր աշխատանքը, որուն նպատակն է խեղաթիւրել արցախեան հակամարտութեան էութիւնը արժանթինեան քաղաքական շրջանակներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ։ Այս նպատակին հասնելու համար ատրպէյճանական կողմը, որ կը վայելէ Պուէնոս Այրէսի թրքական դեսպանատան մշտական աջակցութիւնը, ի գործ դրած է առատ գումարներու բաշխման ճամբով քաղաքական կամք գնելու դասական միջոցը՝ ընդ որում տարբեր լրագրողներ, գիտաշխատողներ, հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ, ուսանողներ եւ, բնականաբար, խորհրդարանականներ եւ ծերակուտականներ Ատրպէյճան այցելելու հրաւէր կը ստանան, բոլոր ծախսերը վճարուած...
Արժանթին կը պատրաստուի Պաքուի մէջ դեսպանատուն մը բանալ: Նախարարի ճամբորդութեան նախօրեակին արժանթինեան մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ հայ համայնքի խոր մտահոգութեան ատրպէյճանական սադրանքներուն դիմաց:
ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
Ներկայ էր Արցախի մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղապալեանը
Կիրակի՝ Փետրուար 26ի առաւօտեան, Սումկայիթի զոհերու յիշատակին պատարագ մատուցուեցաւ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ: Պատարագէն ետք՝ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Կոմիտասի յուշարձան, ուր եւս յիշատակի տուրք մատուցուեցաւ զոհերուն յիշատակին, զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Երկուշաբթի՝ Փետրուար 27ին, մայրաքաղաքի 9րդ թաղամասի «Ռոսինի» սրահին մէջ, CCAF-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութիւն՝ Արցախի մէջ» խորագրով հանրահաւաքը, որ նուիրուած էր Սումկայիթի տարելիցին:
Ներկայ էին շուրջ 250 հանդիսականներ: Օրուան պատուոյ հիւրն էր Արցախի մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղապալեանը: Հանդիսավարի պաշտօնը ապահովեց ԱՅԲ-ԷՖ.ԷՄ. ձայնասփիւռի հաղորդավար Վարդան Գաբրիէլեան:
CCAF-ի ընդհանուր նախագահ Ալեքսի Կէօվճեանի բացման խօսքէն ետք՝ տիկին Աղապալեան խօսք առնելով վերյիշեց Արցախի մօտակայ անցեալին՝ պատերազմի շրջանի դժուար օրերը: Ծանր մթնոլորտի մը մէջ, ան պատմեց իր նորապսակ ամուսնոյն ռազմաճակատ մեկնումը, մինչ ինք դեռ նոր յղի էր, Շահումեանի կռիւներուն անոր նահատակութիւնը, նոյնպէս՝ իր զաւկին վրէժը լուծելու համար զէնք վերցնելու մեկնած 60ամեայ աներհօր եւս, ապա նաեւ քեռայրին նահատակութիւնները: Տիկին նախարարուհին մանրամասնօրէն ներկայացուց թուրքեւազէրի քարոզչութեան գործիք դարձած Խոճալուի դէպքերուն բուն տարբերակը:
Արցախի Փարիզի գրասենեակի ղեկավար Յովհաննէս Գէորգեան խօսեցաւ տնտեսական, ընկերային եւ զինեալ ուժերու բնագաւառներուն մէջ Արցախի արձանագրած նուաճումներուն մասին: Ան յատկապէս նշեց ատրպէյճանական անդադրում յարձակումներուն տրուող պատասխաններուն կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ առանց ատոնց՝ Ատրպէյճան անկասկած շատոնց յանդգնած պիտի ըլլար պատերազմի վերսկսման:
Հայաստանի Փարիզի դեսպանատունէն Վահագն Աթապէկեան (ministre plռnipotentiaire) ալ անդրադարձաւ խաղաղութեան գործընթացին եւ այդ ուղղութեամբ ատըրպէյճանական ոչ-շինիչ, յարձակողական կեցուածքին:
CCAF-ի Փարիզեան շրջանի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան գծեցին Ատրպէյճանի բռնատիրական եւ ապականած երկրի նկարագիրը՝ երկիր մը, որ Թուրքիոյ հետ ձեռք-ձեռքի՝ հակահայկական մշտական պայքար կը մղէ դիւանագիտական, քաղաքական, ռազմական եւ հաղորդակցութեան բնագաւառներուն մէջ: Անոնք դիտել տուին, որ նախորդ օր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցերը լաւագոյն ապացոյցն են ատոր: Իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան՝ CCAF-ին անունով համանախագահները հաւաստեցին Ֆրանսայի 500 հազար հայերու զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Ազգային Ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան ալ բացատրեց, թէ Սումկայիթի ջարդերէն ետք է, որ ինք որոշած է դիրք գրաւել հայոց կողքին: Երեսփոխանը ըսաւ, որ Արցախ կատարած իր հինգ այցելութիւններուն պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ յայտարարուած է անցանկալի անձնաւորութիւն, եւ յայտարարեց թէ հպարտ է ատով: Երեսփոխանը աւելցուց նաեւ, թէ նախաձեռնած էր Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի մը ստեղծման, բայց ծրագիրը ձախողած էր Ատրպէյճանի դեսպանատան ճնշումներուն որպէս հետեւանք:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Փարիզի դեսպանը՝ Վիգէն Չիտեչեան, որ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդին միասնութեան վրայ՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք երրորդութեամբ:
Երեկոյթը տեւեց շուրջ երկու ժամ: