Մարտ 2ին կայացան 9րդ նստաշրջանի Իրանի Իսլամական խորհրդարանի ընտրութիւնները եւ Թեհրանի ու հիւսիսային իրանահայութեան ընտրութիւնները: Թեհրանի ու հիւսիսային իրանահայութեան ընտրատարածքի պատգամաւոր ընտրուեցաւ Կարէն Խանլարեանը:


Ինչպէս կը սպասուէր, այս անգամ եւս հիւսիսային իրանահայութիւնը կատարելով իր քաղաքացիական ու ազգային պարտականութիւնը՝ խուռներամ շարքերով աւելի քան 12.000 ձայներով մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն: Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ յատկանշական է, որ ընտրողներու շուրջ 90%ը, այսինքն 10.857 հոգի, քուէարկեցին Կարէն Խանլարեանի օգտին:
Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան ընտրատարածքի պատգամաւոր վերընտրուած է Ռոպերթ Բեգլարեանը, ապահովելով ընտրողներու ձայներու 99% տոկոսը, այսինքն 2.570 քուէ:

ԹՈՐՈՆԹՕ 
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Թորոնթոյի հայ գաղութը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց քաղաքի ընտրաշրջաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած Թորոնթոյի Հանրային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի նոր անդամներու ընտրութեանց ատեն: Երիտասարդ ընկեր Յարութիւն Մանուկեան, որ Հ.Օ.Մ.-ի տեղական վարժարանի շրջանաւարտներէն է, Երկուշաբթի 27 Փետրուարին ընտրուեցաւ տուեալ մարմնոյ անդամ, քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութեամբ: Մանուկեան աւարտած է Ուոթըրլուի համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը:
Ան կը դառնայ առաջին հայը, որ կը ստանձնէ նման պաշտօն մը Թորոնթոյի կրթական համակարգէն ներս:
Այս բացառիկ յաղթանակէն ետք, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը կ՛եռար անպատմելի խանդավառութեամբ, որուն գլուխը անցած էր այս յաղթանակին նուիրուած գաղութի երկսեռ երիտասարդութիւնը:

ԱԲԽԱԶԻԱ 
Աբխազիոյ 
Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն 1 Հայ Թեկնածու Եւ 2 Յոյն

10 Մարտին Աբխազիոյ մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 11 հայեր:
«Vz.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ընդհանուր առմամբ խորհրդարանին մէջ 35 երեսփոխան պիտի ըլլայ, իսկ թեկնածու արձանագրուած են 150 անձեր՝ 125 աբխազներ, 11 հայեր, 8 ռուսեր, 2 յոյներ, 2 վրացիներ, ինչպէս նաեւ մէկական օս եւ քապարտինցի:

ՔԵՍԱՊ 
Հայ Գիրքի Տարուան Նուիրուած
Գործունէութիւն

Բերիոյ հայոց  թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահան սրբ. եպս. Սարգիսեանի օրհնութիւնը, Ազգային Իշխանութեան Կրօնական Ժողովի հովանաւորութիւնն ու Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Խորհուրդի օժանդակութիւնը վայելող Քեսապի «Ս. Աստուածածին» Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը օրեր առաջ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից «Սահակեան» սրահէն ներս կազմակերպեցին «Հայ գիրքի» տարուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց ճեմարանի 7-10րդ դասարանի աշակերտները։ Այս մասին կը յայտնէ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Օրուան դասախօսն էր՝ տոքթ. Շողեր Աշըգեան։ Ան աշակերտներուն ներկայացուց «Գիրքի պատմութիւնը»։ Նախ խօսեցաւ գիրքի ծնունդին մասին, որ կը յաջորդէր գիրի Ծնունդին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ հին ազգերու գրական շարժումին, գրատպութեան գիւտին, որ կատարուեցաւ Եւրոպայի մէջ Եոհանս Կիւթենպէրկի ջանքերով։ Իսկ գալով հայ գիրքի պատմութեան, ան սկսաւ մեր ձեռագիր մատեաններու ծնունդէն, մինչեւ բարձր մակարդակի գրչութեան կեդրոններու հիմնադրութիւնը եւ մինչեւ հայ նշանաւոր տպագրութեան կեդրոններ ու զարգացումը։