Գործազրկութեան մակարդակը շատ բարձր չափանիշերու հասած է համաեւրոպական գետնի վրայ, բայց յատկապէս Յունաստան՝ Եւրոպական Միութեան շրջագիծէն ներս գործազրկութեան ցանկի երկրորդ տեղը կը գրաւէ՝ 19.9 առ հարիւր տոկոսով։

Առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի Սպանիան 23.3 առ հարիւր տոկոսով եւ երրորդ դիրքին վրայ կը հաւասարին Փորթուկալ եւ Իրլանտա՝ 14.8 առ հարիւր տոկոսով։
Եւրոպական Միութեան գործազրկութեան հետազօտական մարմինը կը հաստատէ թէ գործազուրկներու թիւը 24.325 միլիոն մարդ կը հաշուէ:
Դեկտեմբեր 2011ի եւ Յունուար 2012ի մէկ ամսուան ընթացքին անոնց թիւը աճած է 191.000ով։