Արամ Ա. Թուրքիոյ Եկեղեցական Կալուածները
Իրենց Սեփականատիրոջ Վերադարձնելու Կոչ Կ՛ընէ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, անցնող շաբաթավերջին, տեղի ունեցող «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէն Հատուցում» թեմայով համագումար։
Փակումը կատարելով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ համագումարը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով իրաւական տուեալներուն, եւ միջազգային իրաւական մակարդակի վրայ աշխատանքներ կատարելու կարելիութիւններուն: Ան նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիա հաւանական է, որ շարունակէ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը՝ կասեցնելու համար ճանաչումներու ընթացքը: Արամ Ա. կաթողիկոս պատրաստակամութիւն յայտնեց հատուցման հարցը ներկայացնելու եւ հետապնդելու միջազգային ատեաններուն մէջ:
Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութեան մասին՝ վեհափառը շեշտեց, որ պետութիւնը պէտք է իր գործօն մասնակցութիւնը ունենայ ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն գծով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը հաստատեց, որ կաթողիկոսութիւնը՝ իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ, բարոյական եւ օրինական պարտականութիւնը եւ արդար իրաւունքը ունի Թուրքիոյ ներկայացնելու իր կալուածներուն եւ ունեցուածքներուն պահանջը: Վեհափառը աւելցուց, որ 1915-ին հայութեան դէմ կատարուած անմարդկային ոճիրը երեւակայութիւն չէ, այլ՝ Օսմանեան կայսրութեան համաթրքական քաղաքականութեան արտայայտութիւնը:
Կալուածներու վերատիրացման գծով Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն հետ միասնաբար պիտի քննարկուին Ցեղասպանութեան հատուցման հարցով միջազգային օրէնքին դիմելու կարելիութիւնները՝ ՄԱԿ-ի խողովակներով:
Աւելի՛ն. վեհափառը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է հատուցման հարցով դիմելու Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական ատեանին, եւ այս իմաստով, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է ունենայ առանցքային դերակատարութիւն:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրակացուց շեշտելով, որ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ, այլ խօսքով՝ մենք արդարութիւն կը պահանջենք, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ ալ պակաս: Թուրքիան պարտաւոր է յարգելու հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները ու միջազգային համայնքը կոչուած է զօրավիգ կանգնելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:
Մասնագիտական եւ իրաւական քննարկումներ
Նշենք, որ համագումարը կայացաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն, ներկայութեամբ հայ թէ օտար իրաւագէտներու, քաղաքագէտներու, ակադեմականներու, ցեղասպանագէտներու եւ ազգային այլազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալ հիւրերու։ Բացումը կատարեց միջազգային օրէնքի դասախօս տոքթ. Նորա Պայրագտարեան:
«100 տարիէ ի վեր արդարութիւնը տակաւին չէ իրագործուած. այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան էութիւնը՝ դատական, իրաւական ու մարդկային իրաւունքներու մօտեցումով», յայտնեց տոքթ. Նորա Պայրագտարեան՝ ընդգծելով, որ խորհրդաժողովի քննարկումներուն եզրայանգումները պիտի բանաձեւեն Հայոց Ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան «ճամբու քարտէս» մը:
Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով բանաձեւեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը՝ մէջբերումներ կատարելով 1948ին ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յայտարարութենէն՝ պարզելով ցեղասպանութեան համապատասխան հիմնաւորումները:
Ապա, տոքթ. Նորա Պայրագտարեան կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց յատուկ այս առիթով, Լիբանան ժամանած դատախազ Ֆաուսթօ Փոքարի մասին: Նախկին Եուկոսլաւիոյ համար կազմուած Միջազգային դատական ատեանի դատախազը իր շնորհակալական ու երախտագիտական արտայայտութիւններէն ետք ձայնակցեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցած եզրերու սահմանումին՝ դիտել տալով, որ պէտք է բնորոշել՝ 1915ին պատահածը Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կիրարկուած ծրագի՞ր էր, թէ որդեգրուած քաղաքականութիւն: Դատախազ Փոքար յարակից բաղդատականներ կատարեց նախկին Եուկոսլաւիոյ, յատկապէս՝ Սրեպրենիցայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանական ջարդերուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի կողմէ օրուան երկրորդ օտար բանախօսի կենսագրական ծանօթութենէն ետք, Միջազգային դատական ատեանի դատախազ Ճօ Վերհովըն խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ խորապէս տպաւորուած է այս համագումարով: Ան յայտնեց, որ բազմաթիւ գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ կարդացած է՝ աւելի մօտէն, ծանօթանալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան խորքին ու էութեան: Ան զարմանք յայտնեց, թէ ինչո՞ւ (Թուրքիա) չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դիտել տալով, թէ որքա՛ն ալ հանրային կարծիքը ճանչնայ եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ նմանօրինակ քայլ մը կը մնայ էական:
Համագումարի երկրորդ եւ վերջին օրուան՝ «Դէպի հայկական իրաւունքներու եւ կալուածներու որակական եւ քանակական ցանկ մը» խորագիրը կրող առաջին նիստը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Նիստին նախագահեց Բրիտանիոյ Օքսֆորտ համալսարանի ընկերաիրաւական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի գործող տնօրէն փրոֆ. Մարինա Քուրչեան: Առաջին զեկուցաբերն էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս փրոֆ. Ժան Կէօքճեան, որ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատկանող կալուածները: Ան նշեց, որ իթթիհատական կառավարութենէն ետք քեմալական կառավարութիւնը եւս հայապատկան կալուածները գրաւելու յաւելեալ քայլեր որդեգրեց՝ Թուրքիոյ հողերէն հեռացուածները զրկելով իրենց իրաւունքները պահանջելու իրաւունքէն:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Միացեալ Նահանգներու Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի միջազգային եւ բաղդատական իրաւաբանական ուսումնասիրութեան բաժանմունքի համատնօրէն փրոֆ. Սիւզան Քարամանեան: Ան իր զեկուցումին մէջ նշեց, որ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները տնտեսական ենթահող ալ ունին, եւ զանոնք հասկնալու համար հարկ է հասկնալ 1800-ական թուականներուն պատահածները: Ան յայտնեց, որ քրիստոնեաները տնտեսական գետնի վրայ թրքական հասարակութեան մէջ նախաձեռնող եւ աշխուժ տարր մըն էին, ինչ որ անոնց նկատմամբ լարուածութիւն ստեղծեց: Իբրեւ օրինակ ան նշեց, որ 1913-ին հայկական առեւտուրի եւ արտադրութեանց պոյքոթի քաղաքականութիւն մը կիրարկուեցաւ:
Փրոֆ. Թաներ Աքչամի հետաքրքրական զեկոյցը
Առաջին նիստին վերջին զեկուցաբերն էր թուրք այլախոհ պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ, որ «Հայկական կալուածներու օրինականացուած գրաւումին ետին ցեղասպանական նպատակը» խորագիրով զեկուցումին մէջ ներկաներուն հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց: Ան յայտնեց, որ թրքական օրէնսգիրքին մէջ գոյութիւն ունին 70-80 օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայկական կալուածներու հարցին:
Փրոֆ. Աքչամ ընդգծեց, որ հայերու բնաջնջումը պարզապէս մանրամասնութիւն մըն էր, իսկ կարեւոր հարցը հայերուն վերադարձն ու կալուածներու վերատիրացման պահանջը կանխարգիլելն էր: Ուստի այդ նպատակին ծառայող օրէնքներ որդեգրուեցան: Ան նշեց, որ հայապատկան կալուածներու գրաւումը թրքական օրէնքին մէջ ներկայացուեցաւ իբրեւ կառավարութեան կողմէ այդ կալուածներուն հայերուն փոխարէն կառավարում մը, որպէսզի պետութիւնը գողի երեւոյթ չունենայ: Ոչինչ կատարուած է ապօրինի կերպով, սակայն այդ օրէնքները ցեղասպանութեան բաղադրիչ մէկ մասն են:
Թուրք այլախոհ պատմաբանը ընդգծեց, որ ոչ իսկ մէկ օրէնք կայ, որ կþարգիլէ կալուածները հայերուն վերադարձնել, սակայն օրէնսդրութիւնը այնպէս է, որ «ձեզ ոչ մէկ տեղ կþառաջնորդէ»: Ան յայտնեց, որ Լոզանի եւ թրքական օրէնքներու հիմամբ Թուրքիա չի կրնար հերքել, թէ կալուածները հայերուն կը պատկանին: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը իբրեւ տեղահանում կը ներկայացուի, սակայն չկայ որեւէ օրէնք, որ կը նշէ, թէ հայերը ինչպէ՛ս պիտի վերաբնակեցուին‘ աւելցնելով, որ անոնց վերադարձը բացառուած է: Ան վերոնշեալ օրէնքներուն իբրեւ օրինակ նշեց 30 Մայիս 1915-ին եւ 10 Յունիս 1915-ին որդեգրուած եւ հայերու ինչքերը կառավարելուն վերաբերող օրէնքները, որոնց հիմամբ պետութիւնը ինք ձեռք առաւ ինչքերը եւ հայերուն արգիլեց զանոնք կառավարել, ինչպէս նաեւ սեպտեմբեր 1915-ի օրէնքը, որ կը պահանջէ այդ կալուածներուն արժէքը փոխանցել իրենց իրաւատէրերուն:
Փրոֆ. Աքչամ յայտնեց, որ 1920-ին որդեգրուած է օրէնք մը, որ բացայայտ կերպով ինչքերը կը վերադարձնէ հայերուն, սակայն քեմալականները ջնջեցին զայն եւ վերականգնեցին 1915-ի օրէնքները: Ան յայտնեց, որ Լոզանէն ետք 1924-ին օրէնքը բարեփոխուեցաւ եւ իրաւունք տրուեցաւ կալուածները վերադարձնելու այն հայերուն, որոնք իրենց ինչքերուն հետ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուէին, սակայն օրէնքով ամէն ինչ կատարուեցաւ այս ընթացքը արգելակելու:
Փրոֆ. Աքչամ այլ հետաքրքրական բացայայտում մը կատարելով նշեց, որ բոլոր արեւմտահայերը մինչեւ 1964 Թուրքիոյ քաղաքացիներ էին, սակայն այդ թուականէն ետք անոնք դադրեցան քաղաքացիներ ըլլալէ եւ անոնց ինչքերը գրաւուեցան: Ան ըսաւ, որ մինչեւ այդ թուականը 1928-ին որդեգրուած օրէնք մը կը պահպանէր հայերուն քաղաքացիութիւնը:
Կէս ժամ դադարէ մը ետք, ընթացք առաւ օրուան երկրորդ նիստը, որ կը կրէր «Փոխհատուցման հոլովոյթի հեռանկարներ» խորագիրը: Նիստի նախագահն էր Նափոլիի համալսարանի փոխ նախագահ, Միջազգային օրէնքի դասախօս փրոֆ. Ճիուզեփփէ Քաթալտի, որ յայտնեց, որ անցեալ դարը մարդկային իրաւանց տարածման դար մը եղաւ, իսկ ներկայ դարը պէտք է մարդկային իրաւանց գործադրութեան դար մը ըլլայ, այլապէս մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ճամբու քարտէս մը գծել, որպսէզի Հայոց ցեղասպանութեան նման հարցերու համար միջազգային եւ տեղական իրաւական բեմերու վրայ նոր առիթներ ստեղծուին:
Նիստի առաջին զեկուցաբերն էր Միացեալ Նահանգներու Վորչեսթըր համալսարանի պատմաբանութեան դասախօս փրոֆ. Հանրի Թերիօ, որ իր զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ հարցի իրաւական հետապնդումին ընթացքին պէտք է նկատի ունենալ, որ օրէնքը ուժին կը հետեւի, ուստի պէտք է իրաւաբանական աշխատանքին կողքին նաեւ քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանք կատարել: Ան նշեց, որ ցեղասպանութիւնը միայն հայերու եւ թուրքերու հարցը չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր «Յուշամատեան» ծրագիրի տնօրէն եւ աւագ խմբագիր, պատմաբան փրոֆ. Վահէ Թաշճեան, որ յայտնեց, որ Լիբանան եւ Սուրիա ֆրանսական հոգատարութեան տակ կը գտնուէին, ուստի բնական էր մտածել, թէ հոգատար իշխանութիւնները պիտի պաշտպանէին հայ գաղթականներուն իրաւունքները, սակայն Ֆրանսա Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը կնքելով անտեսեց այդ իրաւունքները: Ան ներկաներուն ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներէն օրինակներ:
Երրորդ զեկուցաբերն էր Անգարայի անկախ նախաձեռնութեան ազատ համալսարանէն փրոֆ. Սայիտ Չեթինօղլու, որ իր զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ հայերու կալուածներուն տիրացան տեղական ազդեցիկ դէմքերը: Ան ըսաւ, որ 1928-ին հայերուն տրուեցան անցագիրներ, որոնք վերանորոգելի չէին եւ կարելի էր միայն մէկ անգամ գործածել:
Չորրորդ զեկուցումը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան։
Եզրափակիչ նիստը կայացաւ Շաբաթ կէսօրէ ետք, մասնակցութեամբ Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Թուրքիայէն, Անգլիայէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած իրաւագէտներու, դասախօսներու, Հայ դատի աշխատանքներու մասնակիցներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամներու: