Ֆրանսացի երեսփոխաններ կը նախազգուշացնեն թէ անհաւանական է
Հայոց Ցեասպանութեան ժխտման օրինագիծը շուտով նոր օրակարգի բերել...

Թուրքիոյ մամուլի ներկայացուցիչներ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումի հրապարակումէն անմիջապէս ետք զրոյցներ ունեցան ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններու կամ ծերակուտականներու հետ՝ ընտրելով մանաւանդ այն քաղաքագէտները, որոնք արդէն դէմ էին այս օրէնքին։


Նախագահութեան թեկնածու Ֆրանսուա Պայրու, ակնարկելով նոր օրէնք մը եւս պատրաստելու կապակցութեամբ Սարքոզիի տուած հրահանգին՝ «յամառ գլուխ» որակեց Սարքոզին։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան Սթրազպուրկի երեսփոխան Ժան Ֆիլիփ Մորեր ըսաւ, որ այս օրէնքը լեցուն էր հակասահմանադրական այնքա՛ն շատ տուեալներով, որ խորհուրդը զայն ուսումնասիրելու պահանջքն իսկ չզգաց, իսկ հիմա եթէ կառավարութիւնը երկրորդ օրէնք մը պատրաստէ ու այդ օրէնքը դարձեալ ընդունուի խորհրդարանին կողմէ, ապա վստահաբար դատարանը կը մերժէ զայն վաւերացնել։
Բազմաթիւ երեսփոխաններ նաեւ դիտել կու տան, որ նոյնիսկ եթէ նոր օրինագիծ մը պատրաստուի, հաւանական չէ, որ անիկա օրակարգի բերուի, որովհետեւ խորհրդարանը ընտրութիւններուն պատճառով արձակուրդի պիտի մեկնի Մարտ 7ին։

Ֆրանսահայութեան հիասթափութիւնը

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ ֆրանսահայերը հիասթափութիւն ապրած են Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն՝ պնդելով, թէ որոշումը հիմնուած է ոչ թէ իրաւական, այլ քաղաքական նպատակներու վրայ: «Այս որոշումով, Սահմանադրական խորհուրդը փաստօրէն կ՛ընդունի, որ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած երկու ցեղասպանութիւնները անհաւասար են, մինչդեռ Վալերի Պուայէի հեղինակած օրինագիծը պէտք է ներդաշնակեցնէր այդ անհաւասարութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Անդրադառնալով օրինագիծին եւ խօսքի ազատութեան հակասութիւններու մասին խօսակցութիւններուն՝ ֆրանսահայերը կը պնդեն, թէ արտայայտութեան ազատութիւնը պէտք է սահմանափակուի, երբ կը վիրաւորէ այլ ազգ կամ առհասարակ ոեւէ անհատ:
«Սահմանադրական խորհուրդը նահանջեց թրքական լոպիական գործունէութեան առջեւ, ինչ որ անընդունելի է եւ կասկածի տակ կը դնէ մեր հանրապետութեան հիմնարկներուն անկախութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսահայերը նաեւ կասկածի տակ կը դնեն Սահմանադրական խորհուրդի որոշ անդամներուն անկողմնակալութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ըսուեցաւ, թէ նախագահ Սարքոզի հանդիպում մը պիտի ունենայ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։

Փաթրիք Տեւեճեանի յայտարարութիւնը

Իշխող կուսակցութենէն ֆրանսահայ երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը նման թերի որոշում տալով՝ ուրացումը կը դարձնէ սովորական կարծիք: «Օտար պետութեան մը կողմէ ժխտողականութեան քարոզչութիւնը եւ ֆրանսահայ քաղաքացիները վիրաւորելը այսուհետեւ թոյլատրելի կը դառնայ երկրի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ», ըսաւ ան:
Խորհուրդի վճիռին անդրադարձաւ նաեւ ծերակուտական Նաթալի Կուլէ՝ նշելով, որ շատ ուրախ է այդ որոշումին կապակցութեամբ. «Ես մեր թուրք եւ ատրպէյճանցի բարեկամներուն ըսած էի, որ Ֆրանսայի ժողովրդավարութեան վստահին։ Ասիկա Սարքոզիի պարտութիւնն է, որովհետեւ ան փորձեց նախքան ընտրութիւնները՝ հայկական դէպքերը օգտագործել», յայտարարած է Կուլէ։
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ ըսաւ, որ մինչ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կոչուած էր հաշտեցնելու Ֆրանսայի հայ եւ թուրք համայնքները, ինք կը կարծէ, թէ օրինագիծը սխալ պահու ներկայացուեցաւ: Ան ցաւ յայտնեց Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին համար եւ աւելցուց. «Ցաւալի է նաեւ, որ թրքական համայնքը այս օրինագիծը ընկալեց նման թշնամութեամբ»: Նախագահի թեկնածուն նաեւ նշեց, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, եթէ նոր օրինագիծին շուրջ քննարկումները սկսին Մայիս 6ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք:


Ֆրանսահայերը Կը Պատրաստուին Սարքոզիի Հետ Հանդիպելու

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ ֆրանսահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը միջեւ հանդիպման մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Ֆրանսայի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան նշեց, որ հանդիպման աշխատանքները նախապատրաստական փուլի մէջ են, իսկ հանդիպման օրը պիտի որոշէ Ֆրանսայի նախագահը:
«Սարքոզի յայտարարած է, որ մինչեւ իր նախագահութեան աւարտը, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի հարցը պիտի հասցնէ իր աւարտին, եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ նոր օրինագիծ պիտի մշակուի: Այժմ իր կուսակցութեան ղեկավարը եւ ներկայացուցիչները սկսած են յայտարարելու, թէ մինչեւ ընտրութիւնները՝ կարելի չէ նման օրինագիծ պատրաստել, հակառակ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ այդ գծով սկսած աշխատանքին», յայտնած է Վարժապետեան:

 

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ

«Նոր Յառաջ» կը յայտնէ թէ երեսփոխաններ Ռիշար Մալիէի գլխաւորութեամբ խումբ մը երեսփո-խաններ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնած են ի տես Սահմանադրական Խորհուրդի այն որոշումին, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքը անվաւեր հռչակեց:
Կ’ըսուի թէ, նկատի ունենալով այդ որոշումը, Ռ. Մալիէ եւ ութ երեսփոխաններ Ազգային Ժողովին ներկայացուցած են բանաձեւի նոր առաջարկ մը, որ կը հետապնդէ նոյն՝ իրողութիւնը հաստատուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելու նպատակը: