Փորթ տը Վէրսայլի մէջ տեղի ունեցած Գիրքի 32րդ միջազգային սալոնին՝ Հայաստան կը մասնակցէր 5րդ անգամ ըլլալով: 

Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ թէ Le point ֆրանսական պարբերաթերթը ծաւալուն անդրադարձ մը կը կատարէ (19 էջ, բազմաթիւ լուսանկարներով) Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման օրինագիծի քուէարկութեան օրերուն, Յունուար 21ին Փարիզի մէջ կատարուած թուրքերու ցոյցին, բացայայտելով թրքական ծայրայեղ «Գորշ գայլերու» դերակատարութիւնը:
Թղթակցութեան որպէս հիմք օգտագործուած է ֆրանսական սպասարկութեան զեկուցում մը, որ թրքական միութիւններու եւ անհատներու յստակ անունները կը բացայայտէ:

Սուրիահայերը յոյս ունին, որ երկրին մէջ ընթացք առած տագնապը կը հանդարտի՝ բոլոր կողմերու փոխադարձ զիջումներով. անոնք նաեւ դրսեւորած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ դրական դերակատարութիւն ունենալու այս առնչութեամբ։

Այս տարի բացառիկ տօնախմբութեան վերածուեցաւ «Շամլեան» Ազգային վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթ-հաւաքը, որը նուիրուած էր նոր կառուցուելիք մարզասրահի շինարարական աշխատանքներուն:

Ճիշդ 24 տարուան պաշտօնավարութենէ ետք, հայաշատ Ալֆորվիլի քաղաքապետը՝ Հայ Դատի բարեկամ Ռընէ Ռուքէ, հրաժարած ըլլալով իր պաշտօնէն, պէտք է կատարուէր նոր քաղաքապետի ընտրութիւնը: