Աբխազիոյ մէջ 10 Մարտին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանին ընթացքին 35 ընտրական տարածքներէն 13-ին մէջ յաղթողներ եղած են: Հայ 9 թեկնածուներէն երկուքը՝ Վաղարշակ Քոսեան եւ Ռոպերթ Եայլեան, արդէն մուտք գործած են խորհրդարան:
Մայրաքաղաք Սուխումի շրջանին մէջ առաջադրուած չորս հայ թեկնածուներու ընտրապայքարին մէջ երկրորդ փուլ անցած են Աբխազիոյ ազգային հերոս Գալուստ Տրապիզոնեան եւ Լիովա Գալուստեան: Նորընտիր երեսփոխաններու շարքին է նաեւ աբխազական ընդդիմութեան ղեկավար Ռաուլ Հաճիմպա:
Քուէարկութեան մասնակցած է ընտրողներու 44.50 առ հարիւրը: Քուէարկութեան ընթացքին հետեւած են աւելի քան 46 միջազգային դէտեր, որոնց շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն: Միջազգային դէտերը ընդգծած են, որ Աբխազիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են հանրապետութեան օրէնսդրութեան եւ միջազգային չափանիշերուն համաձայն:
Աբխազիոյ օրէնսդրութեամբ‘ ընտրութիւնները կայացած կը նկատուին, եթէ անոնց մասնակցած է ընտրողներու 25 առ հարիւրը: Յաղթող կը նկատուի այն թեկնածուն, որ ստացած է ընտրութեան մասնակիցներու ձայներուն կէսէն աւելին:
Քուէարկութեան երկրորդ փուլը երկու շաբաթ ետք է՝ 22 ընտրատարածքներու մէջ, որոնցմէ 7-ն Սուխումի շրջանին մէջ կը գտնուին: