«Ասպարէզ»էն կ'իմանանք, թէ Կիրակի, Մարտ 11ին, պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիկ Լամար Օտըմի եւ իր կնոջ Քլօի Քարտաշեանի «Քլօի Եւ Լամար» յայտագիրին մէկ մասը յատկացուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկումին, որուն շնորհիւ Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերուն, Ցեղասպանութեան շուրջ հետաքրքրութիւնը զգալի աճ արձանագրած է համացանցին վրայ:


Ըստ «Google»ի հաղորդած տեղեկութեանց, Կիրակի օր «Հայկական Ցեղասպանութիւն»ը 10րդ դիրքի հասած էր ամենաշատ փնտռուած բառերու ցանկին մէջ, իսկ Երկուշաբթի օր՝ 16րդ դիրքի:
Աւելի քան 2.1 միլիոն հոգի դիտած է յայտագիրը, որուն ընթացքին արտադրողներուն խնդրանքով՝ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը տեղեկութիւններ տրամադրած է, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած են ՀԵԴի կողմէ կազմակերպուած ցոյցերէն տեսարաններ:
Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի գործադիր վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան ողջունեց այն իրո- ղութիւնը, որ սոյն յայտագիրը կրցած է Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ հետաքրքրութիւն յառաջացնել հսկայ զանգուածի մը մօտ:
Յայտագիրին ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը  քննարկումի նիւթ դարձած է, երբ Օտըմ հրաւէր ստացած է խաղալու թրքական պասքեթպոլի խումբէ  մը, սակայն Օտըմ վերջապէս որոշած է Միացեալ Նահանգներ մնալ,   նկատի ունենալով Քլօիի զգայնութիւնները: