2011-ին, Արշիլ Կորքիի թոռնուհիին՝ Քոզիմա Սփէնտըրի բեմադրութեամբ, Անգլիոյ մէջ ցուցադրուեցաւ «Առանց Կորքիի» (Without Gorky) վաւերագրական ժապաւէնը:

Երիրապաշտ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի կեանքը պատմող այս ժապաւէնին մէջ, արուեստագէտին մասին իրենց յուշերը կը պատմեն Կորքիի կողակից՝ 91-ամեայ Ակնէս Մակրուտէրը (Մուկուչ) եւ դուստրերը Մարօ եւ Նաթաշա Կորքի:
Ժապաւէնի բեմագրութիւնը կը պատկանի Քոզիմա Սփէնտըրի, որ Մարոյի դուստրն է: Կորքիի արուեստի ներշնչումի աղբիւրը հանդիսացած Մուկուչ կը պատմէ Կորքիի հետ անցուցած իր կեանքի այն հանգրուանին մասին, ուր ուրախութեան պահերուն զուգահեռ գոյութիւն ունեցած են թախիծի եւ մարդկային փոխ-յարաբերութիւններու խախտումի բեկումնային պահեր:
Թոռնուհի Քոզիմայի ոսպնեակին դիմաց, Մուկուչ, Մարօ եւ Նաթաշա կը վերակենդանացնեն ամուսին եւ հայր Կորքիի հետ իրենց յիշատակները:
Ժապաւէնին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին Կորքիի ընտանեկան արխիւին պատկանող լուսանկարներ, իսկ ժապաւէնի բարձրակէտը կը հանդիսանայ Կորքիի ծննդավայր Խորգոմի յատկացուած բաժինը:
Հայոց Մեծ Եղեռնի դառնութիւնները ճաշակած Արշիլ Կորքի, ամերիկացի Ակնէս Մակրուտէրի հետ ամուսնացած է 1941-ին եւ բախտաւորուած 2 դուստրերով: 7 տարուան ընտանեկան իր կեանքի ժամանակաշրջանի վերջին տարիները ճակատագրական դժբախտութիւններու շարանով մը կը հարուածեն արուեստագէտը: 1946-ին, Միացեալ Նահանգներու Քընէթիքէթ նահանգի իր արուեստանոցին մէջ ծագած հրդեհ մը կը ոչնչացնէ իր արուեստի գործերու լաւագոյն ընտրանին հանդիսացող 27 ստեղծագործութիւններ: 1948-ին ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով կÿանդամալուծուի իր պաստառներուն վրայ գոյներուն կեանք տուող ստեղծագործ ձեռքը, որուն կը յաջորդէ աղիքային քաղցկեղի բարդ վիրահատութիւնը: Նոյն ժամանակահատուածին, կինը իր երկու զաւակներուն հետ կը լքէ զինք, ինչ որ իր ծանր յուսաբեկման վերջին հարուածը կÿըլլայ: Յուլիս 21, 1948-ին, 44-ամեայ Արշիլ Կորքի Ատոյեան անձնասպանութեամբ վերջ կու տայ իր կեանքին:
Բեմադրիչ Քոզիմա Սփէնտըր կը յայտնէ, թէ 10 տարի առաջ երբ մեծ մօր ներկայացուցած է վաւերագրական ժապաւէնին նախագիծը, մեծ մայրը մերժած է դերակատար դառնալ, պատճառաբանելով, որ եթէ ժապաւէնը Կորքիի մասին է, ուրեմն Կորքին պէտք է ըլլայ ժապաւէնի կեդրոնական տիպարը եւ ոչ թէ ինք... սակայն ի վերջոյ Քոզիմա յաջողած է ծրագրին մէջ ներգրաւել մեծ մայրը, անոր համոզելով, որ Արշիլ Կորքի արուեստագէտին կեանքը պատմող միակ կենդանի վկան՝ իր կողակիցն է:
Ժապաւէնը 2012-ի Փետրուար 19-ին եւ 20-ին ներկայացուեցաւ Նիւ Եորքի Museum of Modern Art (MoMA) շարժանկարներու փառատօնին, իսկ նորաձեւութեան եւ արուեստի հանրածանօթ Vogue ամսագիրը, Ապրիլի իր թիւին մէջ պիտի անդրադառնայ Քոզիմայի ֆիլմին մասին:


BBC Four կայանէն այսօր
կը ցուցադրուի Արշիլ Կորքիի նուիրուած «Without Gorky» ժապաւէնը

Այսօր գիշեր բրիտանական հեռատեսիլի BBC Four կայանէն  պիտի ցուցադրուի Արշիլ Կորքիի թոռնուհիի՝ Քոզիմա Սփնտըրի բեմադրու- թեամբ պատրաստուած ժապաւէնը, որ  նուիրուած է հայազգի մեծ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիին: Կորքի կը համարուի ամերիկեան էքսփրեսիոնիզմի հիմնադիրը: Իր աշխատանքները բաւական բարձր գումարներով կը վաճառուին շուկային մէջ:
59 վայրկեան տեւողութեամբ Կորքիի մասին ֆիլմը վաւերագրական է  եւ ամբողջովին նուիրուած է նկարիչին:  Լոնտոնի ժամով` 22:00-ին պիտի ցուցադրուի ֆիլմը, սակայն տարբեր խորագրով: