Հայոց մեծ Եղեռնի ժամանակ կորսնցուցած ըլլալով իր ծնողները, մի քանի տարեկան երեխայ Աստղիկ Ալեմեանը յանձնուած էր սուրիական մանկատուներէն մէկու խնամքին: Բարեբախտաբար իր քեռին յաջողած էր գտնել փոքրիկ Աստղիկին, իր հետ առնելով եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելով:

Ինչպէս տեղեկացուած է Weymouth News լրա- տուական կայքէջի կողմէ, վերապրող Աստղիկ Ալեմեանը նշած է իր ծննդեան 102-րդ տարեդարձը։ Հարազատներու կազմակերպած տօնական միջոցառման  ներկայ գտնուած են գերդաստանի մօտ 70 ներկայացուցիչներ։
Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած հայուհին, իր հարազատներու հաւաստիացումներուն համա-ձայն՝ ամուր տեսք ունի։ Աստղիկի խօսքերով՝ ինքը երբեք չէ շպարուած, նոյնիսկ իր հարսնիքի ժամանակ. ան  կÿենթադրէ, որ այդ է իր արտաքինի գաղտնիքը։ Աստղիկի դուստրը պատմելով իր մօր կեանքին մասին, դիտել տուած է թէ ան միշտ վճռական կամքով դիմագրաւած է իր կեանքը: Տիկին Ալեմեանը, հակառակ իր յառաջա- ցած տարիքին, աշխուժութեամբ կը մասնակցի հասարակական կեանքին, կը քուէարկէ ընտրութիւններու ժամանակ, կÿայցելէ Վեյմոութի Հայկական համայնքի ձեռնարկներուն:
Աստղիկ Ալեմեանը մինչեւ այսօր կը յիշէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ապրած դառն պահերը. իր աչքերը արցունքներով կը լեցուին ամէն անգամ որ այդ յիշողութիւններու մասին կը պատմէ. ան կը նախընտրէ չանդրադառնալ այդ թեմային։
Նշենք, որ այժմ Աստղիկի կողքին չէ իր ամուսինը Սարգիսը։ Սակայն ան կը շարունակէ ապրիլ ու վայելել կեանքը իր 5 երեխաներու, 12 թոռներու, 18 ծոռներու եւ ծոռներու 3 երեխաներուն հետ: