Երէկ կէսօրին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում մը տեղի ունեցաւ, մինչ սուրիական վարչակարգի ապահովական կառոյցներու ղեկավարներ եւ նախարարներ կեդրոնատեղիին մէջ ժողով մը կը գումարէին:

Ինչպէս նախապէս անդրադարձած էինք, գերմանական Սահմանադրութիւնը լրացնելու նպատակով՝ երկրին իշխանութիւնները տեսակ մը համացանցային հարցախոյզի դիմած էին՝ ժողովուրդէն խնդրելով ներկայացնել առաջարկներ ու քուէարկել զանոնք: Քուէարկութեան դրուած առաջարկներուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքի մը հաստատումը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարեց Կոմիտաս վարդապետի նուիրուած յուշատախտակի ձեւաւորման եւ պատրաստման մրցոււմ՝ Պեռլինի համալսարանի պատին վրայ տեղադրելու համար:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՂԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑՀԱՆԴԷՍ

Իւրայատուկ է Հայաստանի մէջ աղամաններու նուիրուած արուեստը: «Աղի տիկիններ» անուան տակ գեղեցիկ աղամաններու ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, «Թէրաքոթա» մանկական խումբի սաներուն կողմէ:

Եւրոպայի մէջ 4,5 միլիոն յաւելեալ գործազուրկ պիտի ըլլայ յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին, եթէ աճը զարգացնելու ուղղութեամբ նշանակալից միջոցներ ձեռք չառնուին, ըստ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան (OIT):