ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ, Սասունի Մարութա սարի գագաթին գտնուող մատուռին մէջ հայերու կողմէ աւանդաբար իրականացուող ուխտը այս տարի արգիլուած է Սասունի քաղաքապետին եւ Սասունի նահանգապետին կողմէ:
Ըստ համացանցային «Այքիրիտողրուլար» լրատուական կայքին, Սասունի քաղաքապետ Մուզաֆեր Արսլանն ու նահանգապետ Պահատըր Եորուք այս

Բլուրին վրայ տեղադրուած վանքին խաչն է որ կը դիմաւորէ ուխտաւորները, որու համար ժողովուրդը Հաճկատարը կ'անուանէ նաեւ Խաչկատար՝ խնդրանքներու կատարումը խաչին ապաւինելով:
«Արմինիըն Միրոր Սփեքթէյթոր» եւ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթերը կ'անդրադառնան Սուչավայի Հաճկատարի վանքի հիմնադրման, նշելով թէ Հայկական տպագրութեան սկզբնաւորումէն յետոյ, 2012ի երկրորդ նշանակալից 500ամեակը կապուած է Սուչավայի Հաճկատարի վանքին հետ:

Սերժ Սարգսեան Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութեան

Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքը պատրաստ է դիմաւորելու Ողիմպիական 30-րդ մրցումները: Պաշտօնական բացումը տեղի կ'ունենայ վաղը Յուլիս 27-ին:

Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ ռուսական «Աէրոֆլոթ» ընկերութիւնը որոշած է դադրեցնել դէպի Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոս կատարած թռիչքները:

Փորթուկալի մայրաքաղաքը զբօսաշրջիկներու նախասիրած քաղաքներու առաջին տասնեակին մէջ կը գտնուի: Ըստ հարցախոյզի մը հրապարակած տուեալներուն, հարցուած անձերու 80%ը կը փափաքի Լիզպոն այցելել, իսկ 91%ը դարձեալ վերադառնալ՝ երկրորդ այցելութիւն մը կատարելու համար: Որպէս լաւ նախադրեալներ կը նշուին օդի յարմարութիւնը եւ ժողովուրդի հիւրասէր կեցուածքը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական բազմապիսի հնարաւորութիւնները:
Երկու օր առաջ, հին պատմական նաւերու իւրայատուկ մրցում մը կազմակերպուեցաւ Լիզպոնի մէջ, երկրէն ներս զբօսաշրջութիւնը խթանելու ծրագիրներու ծիրէն ներս: