Համայն մարզաշխարհը իր աչքերը յառած է Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ, ուր այսօր երեկոյեան (Յունաստանի ժամով 23:00ին) պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ողիմպիական 30րդ մրցումներուն:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Յուլիս 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Օփրա Ուինֆըրի այս շաբթուան «անպայման կարդացուելիք» հատորը ընտրած է Քրիս Պոհճալեանի «Սենտքեսըլ Կըրլզ» (Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները) հատորը:

«Յուլիս ամսու 25-ին կատարեցէք մեր տօնը» պատուէրը երգի ճամբով սերունդներուն փոխանցած հերոսներու յիշատակը յարգելու համար, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան մեկնեցաւ դէպի Սալմաստէն հիւսիս-արեւմուտք, 25 քլմ. անդին, Թուրքիայի եւ Իրանի սահմանամերձ շրջանը, ուրկէ ընթացած են հայ ֆէտայիները դէպի Խանասորայ դաշտը:

Յուլիս 16ի երեկոյեան, արժանթինահայ Թեմական Խորհուրդը ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ՝ պատուելու համար ուսանողներու այն խումբը, որ Հայաստանէն Արժանթին եկած էր մասնակցելու համար Մաթեմաթիքայի 53րդ ողիմպիականին, որ տեղի ունեցաւ ծովեզերեայ Մար տէլ Փալաթա քաղաքին մէջ։Խումբին ղեկավարներն էին Գուրգէն Ասատրեան եւ Նայիրի Սեդրակեան։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդարութեան եւ մարդկային իրաւանց գծով փոխ նախարար Մարիա Օթէրօ հանդիպում մը ունեցաւ Պոլսոյ մէջ վագըֆներու խորհուրդի անդամ Լաքի Վինկասի հետ: Թաքսիմի Ս. Երրորդութիւն յունական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող յունաց վագըֆներու միութեան մէջ կայացած հանդիպման մասնակցեցաւ Պոլսոյ մէջ ԱՄՆի հիւպատոսը: