Եւրոպայի մէջ 4,5 միլիոն յաւելեալ գործազուրկ պիտի ըլլայ յառաջիկայ չորս տարիներու ընթացքին, եթէ աճը զարգացնելու ուղղութեամբ նշանակալից միջոցներ ձեռք չառնուին, ըստ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան (OIT):


Ներկայիս Եւրոպայի մէջ գործազուրկներու թիւը կը հասնի 17,4 միլիոնի, ինչ որ բնակչութեան 11%ը կը կազմէ:
Յունաստանի մէջ գործազրկութեան ցուցանիշը շատ մեծ աճ արձանագրեց, 14.7% տոկոսէն հասնելով 21.7% տոկոսի, մէկ տարուայ ընթացքին: Յայտնենք որ Eurostatի տուեալներու հիմնուած այս ցուցանիշը տրուած է Յունուար 2012ի ժամանակահատուածով: Սպանիոյ պարագային եւս ահազանգային է գործազրկութեան մակարդակը, որ 20.8% տոկոսէն (Մարտ 2011ի) հասած է 24.1% տոկոսի (մինչեւ Մարտ 2012ը):