Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովը իր 7-րդ լիակատար նիստին ընթացքին ընտրեց թեմի 41-րդ առաջնորդը՝ յանձինս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ «Հայերն ու Յառաջդիմական Քաղաքականութիւն» հիմնարկը կազմակերպած է գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ տեղւոյն «Քոլումպիա» համալսարանին մէջ, Սեպտեմբեր 28-29-ին:

ՀՈՆԿ  ՔՈՆԿ
Հարիւրէ աւելի մարդ վիրաւորուեցաւ Հոնկ Քոնկը   հարուածած մրրիկի հետեւանքով: «Վիսենթէ» անունով մրրիկը արտակարգ վիճակի մատնած էր երկիրը, առաջին անգամ ըլլալով, 1999էն ետք:

Մէկ Պահանջ Պիտի Ներկայացնեն Նախագահին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական համայնքի առաջին հանդիպումը երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ հաւանաբար տեղի ունենայ մինչեւ Յուլիս 31,

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ ընդդիմադիր Սուրիոյ ազատ բանակը  յայտարարեց Հալէպ քաղաքը ազատագրելու ուղղուած լայնածաւալ գործողութեանց մասին: Ընդդիմութիւնը տեղեկացուց, որ Սուրիոյ ազատ բանակը գրաւած է Հալէպի յարակից շրջանները եւ սկսած է գրոհելու քաղաքը: