ԼԻԲԱՆԱՆ

«Դրօ» ակումբի վերանորոգուած սրահի բացման հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, Արագածի «Դրօ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած սրահի բացման հանդիսութիւնը:

Խոր ցաւով իմացանք, որ Սեպտեմբեր 4-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պուէնոս Այրէսի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է հայ մամուլի արժանաւոր աշխատակից, արժանթինահայ գրագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր ու հանրային գործիչ Պետրոս Հաճեանը՝ 79 տարեկան հասակին։

Սուրիահայերը ստիպուած են պարբերաբար հերքելու տարածուող կեղծ լուրերըՍուրիոյ մէջ կը շարունակուին իշխանական ուժերու եւ ապստամբներու միջեւ բախումները։ Հալէպի մէջ, յատկապէս հայաբնակ    թաղամասերուն մէջ վիճակը թէեւ լարուած, չկան սակայն մարտական գործողութիւններ։

Հռոմի պապը՝ Պենետիքթոս 16րդը, մերձաւոր արեւելեան տարածաշրջանի բնակիչներուն դիմած է կրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կոչով:

Շաբաթ յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը կատարեց Զմմառու Աստուածամօր Վերափոխման վանքը՝ հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի: