Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ դատապարտուած է Ատրպէյճանը.
ըսուած է թէ Ատրպէյճան եւրոպական արժէքները ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ

Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման առնչուող քննարկումները՝առիթ հանդիսացած են, որ ԵԽԽՎ պատուիրակները կոչ ուղղեն կազմակերպութեան՝ ատրպէյճանական-հունգարական այս խայտառակ գործարքին դէմ յստակ եւ գործօն քայլերու ձեռնարկելու:

ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ՝ ԶՈՀՈՒԱԾ
ՓՈՔՐԻԿ ՄԸ՝ ԾԱՆՐ ՎԻՐԱՒՈՐ

Այսօր կանուխ առաւօտուն «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հասած լուրերուն համաձայն՝ ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած են երէկ գիշեր Հալէպի հայկական թաղամասերը:

ԾԱՅՐ  ԱՍՏԻՃԱՆ  ԼԱՐՈՒԱԾ  ՎԻՃԱԿ

ՆԱԹՕ՝  ԱՆԳԱՐԱՅԻ  ԿԸ  ԶՕՐԱԿՑԻ

Թուրքիոյ Շանլըուրֆա շրջանի Ակչաքալէ բնակավայրէն ներս սուրիական կողմէն արձակուած ռումբի հետեւանքները անմիջական ու շարունակական բնոյթ ստացան՝ Թուրքիոյ հակադարձութեամբ:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազդակ»ին խօսելով յայտնած է որ  երկու օրէ ի վեր կացութիւնը աւելի հանդարտ է, հակառակ անոր որ քաղաքի ծայրամասային թաղամասերուն մէջ կռիւները կը շարունակուին: 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, ֆրանսահայ ձայնասփիւռները ռատիօթոն մը կազմակերպած էին ի նպաստ Սուրիոյ հայ համայնքին: