Հայ սպային կացինահարած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ անոր ներում շնորհելու հարցին քննարկումները Եւրոխորհրդարանին մէջ աւարտեցան Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին՝ վաւերացնելով համապատասխան բանաձեւ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի հաղորդած լուրերուն Եւրոխորհրդարանի հինգ հիմնական քաղաքական ուժերուն՝ պահպանողականներուն, ընկերվարականներուն, կանաչներուն, ազատականներուն եւ ժողովրդավարներու Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութիւնները պատրաստած էին բանաձեւերու նախագիծեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը դատապարտուէր Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին ու Հայաստանին կոչեր ու առաջարկներ կը կատարուէին՝ իրավիճակը չսրելու մասին:
Վաւերացուած տարբերակին մէջ, Եւրոխորհրդարանը կը դատապարտէ Սաֆարովին ներում շնորհելու Ատրպէյճանի նախագահին որոշումը՝ այդ քայլը գնահատելով իբրեւ հայ-ատրպէյճանական լարուածութեան նպաստող արարք: Եւրոպացի պատգամաւորները նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ այս քայլը կրնայ ապագայ սերունդներուն համար իբրեւ վատ օրինակ ծառայել:
Եւրոխորհրդարանը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ եւրոպական կառոյցներուն միանալու համաձայնագիրը, որուն ստորագրութեան շուրջ բանակցութիւններու մէջ է Ատրպէյճան, կ՛ընդգրկէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման դրոյթներ ու չափորոշիչներ, որոնց պէտք է հետեւիլ:
«Կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքեր գործադրելու՝ բարեփոխելու համար դատական ամբողջ համակարգը, եւ ենթարկուելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի բոլոր վճիռներուն», կը նշուի բանաձեւին մէջ:
Պատգամաւորները նաեւ կը յանձնարարեն Եւրոխորհըրդարանի նախագահին, որ այս բանաձեւը փոխանցէ Եւրոխորհուրդին, Եւրոյանձնաժողովին, Եւրոպական արտաքին յարաբերութիւններու սպասարկութեան, Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն: