Խոր ցաւով իմացանք, որ Սեպտեմբեր 4-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պուէնոս Այրէսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ մամուլի արժանաւոր աշխատակից, արժանթինահայ գրագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր ու հանրային գործիչ Պետրոս Հաճեանը՝ 79 տարեկան հասակին։
Ծնած էր Ճարապլուս (Սուրիա), 1933-ին։ 1954-ին սկսած էր իր ուսուցչական ասպարէզը Տէր-Զօրի հայկական դպրոցին մէջ։ 1960-ական թուականներուն Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթի փոխ-խմբագիր եղած էր։ Եղած էր նաեւ Հալէպի «Հայկազեան» ազգային վարժարանի Հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ուսուցիչ, իսկ 1968-70-ին վարած էր «Քարեն Եփփէ» ճեմարանի տնօրէնութիւնը։1970-ին փոխադրուած էր Պուէնոս Այրէս, ուր ստանձնած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթ. Հաստատութեան տնօրէնութիւնը, զոր վարած էր աւելի քան 35 տարի։ 1971-1986-ին վարած է «Արմենիա» երբեմնի օրաթերթի (1989-էն ի վեր՝ շաբաթաթերթ) խմբագրութիւնը։ 1986-էն ետք՝ նուիրուած է գրական աշխատանքներու։ Եղած է սփիւռքահայ մամուլի մնայուն աշխատակից, որուն շարքին՝ «Յառաջ»-ին ու «Նոր Յառաջ»-ին, ինչպէս եւ «Ազատ Օր»ին։ Ժամանակին եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ, ուր վարած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ Պ.Հաճեան հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ. «Պարզ քերականութիւն» (1987, երեք հատորով), «Հայ մտքի մշակներ» (1987 եւ 1990, երկու հատորով), «Հրամմեցէ՛ք պարոններ» (պատմուածքներ, 1995), «Լռեցուած խօսքը. Հայկական Ցեղասպանութեան մտաւորական զոհերը» (2003), «Կարկեմիշ» (պատմուածքներ, 2003), «Կար ու չկար» (պատմուածքներ, 2003), «Հարիւր տարի, հարիւր պատմութիւն» (2003), «Հարաւը Սփիւռքի մէջ» (2008), զորս սպաներէնի եւ անգլերէնի թարգմանած են Վարդան Մատթէոսեան, Պերճ Աճէմեան եւ Արիս Սեւակ: «Հրամմեցէ՛ք պարոններ» եւ «Կարկեմիշ» պատմուածքներու հատորները 2008-ին լոյս տեսած են «Ճանապարհ դէպի Կարկեմիշ» վերնագրով, Երեւանի մէջ։ Շուրջ վաթսուն տարիներու գրական, հրապարակախօսական, հանրային եւ ուսուցչական ասպարէզներու իր գրական վաստակը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի կողմէ գնահատուած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով (1984), իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով (2010)։
Պետրոս Հաճեանի մահով՝ արժանթինահայ համայնքը կը կորսնցնէ հայերէն հազուագիւտ իր գրողներէն ու բեղուն հանրային գործիչներէն մէկը, սփիւռքահայ գրականութիւնը՝ երկարամեայ մշակ մը, իսկ Սփիւռքը՝ վաստակաւոր դէմք մը։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 5ին, եւ մարմինը ամփոփուած է Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Յարգա՛նք անոր յիշատակին։