Յունական Zougla, IN կայքէջերը, կիպրական Offsite-ը ինչպէս եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Տիֆենսնեթ» կայքէջերը եւ միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներ անդրադարձած են Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման լուրին եւ ատոր յաջորդած բողոքի ցոյցերուն:

Հունգարիայի մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ երէկ  երկրի արդարադատութեան նախարարութեան դիմացը ցոյց տեղի ունեցաւ: Հունգարական «hir24.hu» կայքի փոխանցմամբ, ցոյցին մասնակցեցան քաղաքացիներ, հայ համայնքի  ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ:

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգուած է  Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու կապակցութեամբ: Այդուամենայնիւ՝ պաշտօնական Պրիւքսելը կոչ  կ'ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զսպվածութիւն ցուցաբերելու՝ հետագայ լարուածութենէ խուսափելու համար։

ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ մամլոյ դիւան».- Ընկերվար միջազգայնականի 24րդ համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ 30 Օգոստոսին, Քէյփ Թաունի մէջ (Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն), մասնակցութեամբ աւելի քան հարիւր կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ ներկայացնող չորսհարիւր պատգամաւորներու։

Այս օրերին, երբ ամբողջ հայութիւնն ընդվզում է հունգարական իշխանութիւնների կողմից ադրբեջանական բանակի սպայ Ռամիլ Սաֆարովին Ադրբեջանին արտայանձնելու որոշման դէմ, Բեռլինում կազմակերպուած ցուցադրութեան մէջ յիշատակում են Սողոմոն Թեհլիրեանին՝ ‘ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը: