«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքականութեան վերլուծութեան կեդրոնի «Միացեալ Նահանգներ - Կեդրոնական Եւրոպա ռազմավարական համախմբումի» ծիրին մէջ

Ժամանակաւոր կերպով փակուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին (Սալիպէ)
եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին (Սըրեէն)

Սուրիոյ տագնապի ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիները անխափան կերպով կատարեցին իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Սուրիահայութեան մայրաքաղաք եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի կեդրոն‘ Հալէպ քաղաքի հինգ եկեղեցիները շարունակեցին կանոնաւորութեամբ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը մինչեւ զինեալ գործողութիւններու քաղաքիս մէջ տարածուիլը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Օգնիր եղբօրդ» խումբը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիա գտնուող սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։

 Բարի սովորութիւն դարձած է: Քանի մը մտերիմներով, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ մեզմէ մէկուն տան մէջ կը հաւաքուինք, սուրճ կամ «գաւաթ» մը խմելու:

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազդակ».- Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպի հայաշատ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական թաղամասերուն մօտակայքը բախումները կը շարունակուին։