ԼԻԲԱՆԱՆ

«Դրօ» ակումբի վերանորոգուած սրահի բացման հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, Արագածի «Դրօ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած սրահի բացման հանդիսութիւնը:


Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գէորգ Նալպանտեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Դրօ» կոմիտէութիւնը հիմնուած է ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակներուն հետեւեալ անփոփոխ հիմունքներուն վրայ՝ հայութեան պահպանում, Հայաստանն ու Արցախը՝ հայութեան, ուժ եւ կազմակերպութիւն, արդար աշխատանք՝ շեշտելով միաժամանակ, որ կոմիտէութիւնը պաշտպանած է շրջանի հայութեան պատիւը, ձեռք ձգած է յաղթանակներ, տուած է նահատակներ:
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Գառնեշեան: Ան յայտնեց, որ ակումբին իւրաքանչիւր անկիւնը իր մէջ կը պարփակէ հերոսական դէպքի մը կամ հերոսի մը անջնջելի հետքը՝ աւելցնելով, որ շրջանի պատմութեան հերոսական էջերուն մէջ պիտի յիշուի, թէ ինչպէ՛ս «դաշնակցութեան լաւագոյն տղերքը իրենց կեանքը զոհաբերելով մարմնացուցին ժողովուրդէն ծնած՝ ժողովուրդին համար կարգախօսը»։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Գառնեշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ստեփան Տէր Պետրոսեանին եւ բոլոր այն ընկերներուն, որոնց ջանքերով իրականացաւ սրահի  վերանորոգման աշխատանքը: Աւարտին տեղի ունեցաւ վերանորոգուած սրահի ցուցանակի քողազերծում:

ԵԳԻՊՏՈՍ

ՀՄԸՄ Կամք (Աղեքս.) կը սկսի նշել իր հիմնադրութեան 100րդ տարեդարձը

«Արմաւենի» կը տեղեկացնէ թէ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Կամքի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնները սկսան Ուրբաթ 7 Սեպտեմբերին, աւանդական դարձած եռօրեայ եգիպտահայ պասքէթպոլի մրցաշարքով: 
«Մեծ ուրախութեամբ եւ անսահաման հպարտութեամբ կը տօնենք մեր ակումբի 100-րդ տարեդարձը,» կÿըսէ ակումբի փոխատենապետ Պերճ Միսքճեան: «ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի մօտ 95 մասնաճիւղերուն մէջ ՀՄԸՄ Կամք (Աղեքս.) առաջին ակումբն է, որ 100-ամեակ կը նշէ»:
Մրցաշարքին կը  մասնակցին հինգ եգիպտահայ մարզական ակումբներ:  Կամք հիմնադրուած է Օգոստոս 28, 2012ին «Կամք Մարմնամարզական Ակումբ» անունով: Սկաուտական շարժումի կողքին ունեցած է ոտնագնդակի, պասքէթպոլի ‘ աթլեթիզմի կանոնաւոր խումբեր: 1974ին Կամք միացած է  Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ)ի աշխարհատարած մեծ ընտանիքին եւ կոչուած՝ «ՀՄԸՄ Կամք»:

 

ՖՐԱՆՍԱ

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նիս Այցելութիւնը

Սեպտեմբերի սկիզբը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը՝ հոգեւորականներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով՝ հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր հանդիպում ունեցաւ Նիսի քաղաքապետ Քրիսթիան Էստրոզիի հետ:  Քաղաքապետը բարի գալստեան խօսքին մէջ ողջունեց կաթողիկոսին այցելութիւնը՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի եւ Նիս քաղաքի յառաջդիմութեան ու զարգացման իմաստով հայորդիներուն բերած մեծ նպաստին ու ներդրումին՝ նշելով, որ քաղաքի իշխանութիւններուն կողմէ մնայուն կերպով աջակցութիւն կը ցուցաբերուի հայ համայնքին: Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ դատապարտեց նաեւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած յանցագործին Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանի արտայանձնումը եւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ ներում շնորհելու պախարակելի իրողութիւնը։
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատանք յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն եւ Նիսի քաղաքապետին՝ մնայուն կերպով հայ համայնքին սատարելուն, ինչպէս նաեւ մարդասպան յանցագործին ներում շնորհելու արարքը խստօրէն դատապարտելուն համար: Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր գնահատանքը արտայայտած է նաեւ քաղաքապետին՝ այն նախանձախնդիր ջանքերուն համար, զորս ան ներդրած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ եւ իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը վառ պահելու, հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան դէմ կատարուած այդ ոճրագործութիւնը դատապարտելու իմաստով եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման գործընթացներուն մէջ ունեցած դրական դերակատարութեան համար: