Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Սարայեւօ մասնակցելու միջազգային միջ-կրօնական համագումարի մը:
Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է խօսք առնելու յիշեալ համագումարին: Վեհափառին կ'ընկերանայ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:
Վեհափառ հայրապետը Անթիլիաս պիտի վերադառնայ Երկուշաբթի 17 Սեպտեմբերին: