Ծանր վիճակ կը տիրէ Հալէպի հայկական շրջաններէն ներս
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան այսօր առաւօտուն հասած լուրերու հիմամբ՝ ծանր վիճակ կը տիրէ Հալէպի հայկական շրջաններէն ներս: Երէկ, ամբողջ գիշերը, Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի շրջանէն ներս ծանր հարուածներ հասցուած են:
Ոսկերիչներու հայկական շուկայի շրջանը ծանր բախումներու մէջ գտնուած է: Հայ երիտասարդ մայր մը զոհուած է: Ժողովուրդին կոչ ուղղուած է խուսափիլ ճամբաները շրջագայելէ եւ զգոյշ ըլլալ այսօր ամբողջ օրուայ ընթացքին:
Ը նդդիմադիր «Սուրիական ազատ բանակի» ուժերու բարձրաստիճան խումբ մը սպաներ յայտարարած են, որ կը հեռանան զինուած ընդդիմութեան շարքերէն եւ կը հրաժարին իշխող վարչակարգի դէմ պայքարէն: Այս մասին անոնք յայտարարութիւն կատարած են Դամասկոսի մէջ, երէկ տեղի ունեցած ընդդիմադիր ուժերու համաժողովին ընթացքին:
Կը հաղորդուի, որ կառավարական ուժերու շարքը համալրած է նաեւ գնդապետ Խալիտ ազ-Զալեմին, որ «Սուրիական ազատ բանակի» Սուրիոյ հարաւային գօտիի ռազմական խորհուրդի ղեկավարն էր: Ան, այս ընդդիմադիր կառոյցին մէջ յայտնուած շատերու նման, փախուստ տուած է Սուրիոյ բանակէն` երկրէն ներս սկսած հակամարտութեան ընթացքին: Իր ելոյթին մէջ ան նշեց, որ սուրիացիներու կողմէ սուրիացիներու դէմ զէնքի կիրառումը չի կրնար կարգաւորել երկրի մէջ տիրող ճգնաժամը: Ազ-Զալեմին նաեւ կոչ ուղղեց իր զինակից ընկերներուն՝ հետեւիլ նոյն օրինակին եւ վերադառնալ «հայրենիքի գիրկը»:
Նշենք նաեւ, որ մամուլի մէջ շրջանառուող այս տեղեկութեան հաւաստիութիւնը հաստատեց նաեւ Հալէպի մէջ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամուլի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը: Ռէիսեանը մանրամասնութիւններ հաղորդեց նաեւ Հալէպի Կիւլպենքեան վարժարանի մօտ երէկուան երկու պայթիւններուն վերաբերեալ:
Սուրիոյ մէջ զոհուածներու թիւը 30 հազարէ աւելի է
Լոնտոնի մէջ գործող «Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարան» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ Սուրիոյ մէջ անցած մօտ 18 ամիսներուն ընթացքին զոհուած է աւելի քան 30 հազար մարդ:
Կազմակերպութեան տնօրէն Ռամի Ապտելռահմանի վկայութեամբ՝ սպանուածներէն աւելի քան 21 հազար 500-ը քաղաքացիներ են, 7 հազար 300-է աւելին՝ զինուորականներ:
Ըստ Ապտելռահմանի, սպանութիւններու 50-60% տոկոսը զոհուած է անցած 5 ամիսներուն ընթացքին:
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ առաւօտ իրավիճակը աւելի խաղաղ էր մայրաքաղաքին մէջ, իսկ երթեւեկը՝ բնական, համեմատած նախանցեալ օրուան բախումներուն հետ, որոնք սաստկացան սուրիական սպայակոյտի կեդրոնին շէնքին մօտ զինեալներու եւ սուրիական ապահովական ուժերու միջեւ՝ շէնքին պայթումէն ետք, եւ այդ պատճառով քաղաքը ենթարկուեցաւ ապահովական խիստ միջոցառումներու՝ մինչեւ ուշ գիշեր:
Իսկ երէկ կէսօրէ ետք կարգ մը շրջաններու մէջ լսուեցան կրակոցներ: Երեկոյեան բախումներ տեղի ունեցան Ժոպար շրջանին մէջ, ուր բանակի եւ ապահովական ուժեր տեղակայուեցան:
Գամիշլիի Հայ Համայնքը
Գրկաբաց Կÿընդունի Սուրիոյ Այլ Քաղաքներու Հայորդիները
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին Սուրիոյ Հիւսիս արեւելեան շրջանը գտնուող Գամիշլի աւանը համեմատաբար առաւել ապահով է քան Սուրիոյ այլ քաղաքներ։
Գամիշլիի հայ համայնքի օգնութեան դիմած են բազմաթիւ հայորդիներ որոնք աւան հասած են Հալէպէն եւ անոր մօտ գտնուոէ Թէլ Ապյատ քաղաքէն։ Տեղի հայ համայնքը գրկաբաց ընդունած է բոլոր հայորդիները եւ օժանդակած անոնց հարցերու լուծման։
Միւս կողմէ գամիխլիի հայութենէն բազմաթիւ ընտանիքներ եւ յատկապէս երիտասարդներ ժամանած են Հայաստան, այստեղ նոր գործ սկսելու կամ Եւրոպա երթալու նպատակով։
Գամիշլիի մէջ ազգայիտն դպրոցները իրենց վերամուտը սկսած են կանոնաւոր կերպով, սակայն քաղաքի մէջ տիրող անգործութիւնն ոււ գիներու բարձրացումը տնտեսական դժուարութիւններ կը ստեղծեն։