Սուրիահայ Համայնքին Օգնելու Ծաւալները Կը Մեծնան

«Օգնէ եղբօրդ» կոչը երթալով աւելի  մեծ  արձագանգ կը ստանայ մեր հասարակութեան,  գործարարներու, հայրենի մտաւորականութեան շրջանակէն ներս: Այս մասին կը յայտնէ  “Օգնիր եղբօրդ” քաղաքացիական նախաձեռնութեան մամլոյ բաժինը:

Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններ ներկայացնող երիտասարդներ, աշակերտներ քանի մը օր շարունակ կը փաթեթաւորեն եւ արկղերու մէջ կը դասաւորեն առաջին անհրաժեշտութեան շուրջ 15 թոն պարէնամթերքն ու դեղօրայքը: Օգնութեան առաջարկներ  եւ խոստումներ կը ստացուին Հայաստանի մարզերէն, Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն:
Իսկ երէկ, Սուրիական շարունակուող հակամարտութեան հետեւանքով՝ մարդկային աղէտի մէջ յայտնուած Սուրիական համայնքի աջակցութեան “Օգնիր եղբօրդ” կոչին արձագանգեց  ”Viva cell- MTS” ընկերութիւնը: Իր մարդասիրական - բարեգործական ծրագիրներով յայտնի ընկերութիւնը՝  սուրիահայ համայնքին աջակցութեան համար  կատարեց կարեւոր ներդրում՝  տրամադրելով 5 միլիոն դրամ:

Հալէպի մէջ իրավիճակը

Հալէպի մէջ իրավիճակը այսօր աւելի հանգիստ է. կրակոցներուն ձայնը շատ հեռուէն կը լսուի:
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կը հաղորդէ թէ Դամասկոսի մէջ անցնող երկու օրերուն ծանր իրադարձութիւն չէ արձանագրուած, միայն Հարասթա եւ Տումա արուարձաններուն  մէջ կը շարունակուին բախումները սուրիական բանակին եւ զինեալներուն միջեւ:
Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան համաձայն զինուած ուժերը կը շարունակեն ապստամբ խմբաւորումները հետապնդելու գործողութիւնները: Հալէպի Տանա գիւղին մէջ անոնք յայտանաբերած են զինեալներուն թաքստոցը եւ մեծ վնասներ հասցուցած անոնց:
Նշենք, որ վերջին 1,5 տարուան ընթացքին՝ զգալի թիւով սուրիահայեր ուղղակի տեղափոխուած են Եւրոպական երկիրներ եւ Հայաստան:
Թուրքիոյ սահմանակից այս քաղաքը հիմնուած է Հայոց Մեծ Եղեռնէն ետք՝ 1926-ին: Կ’ըսուի, թէ առաջին բնակիչները բռնագաղթուած հայեր եղած են եւ անոնք այդ վայրը ընտրած են՝ մօտ ըլլալու համար իրենց պատմական հայրենիքին (Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանի տանիքէն կ’երեւին Մծբինի բնակարանները) ու օր  մը վերադառնալու յոյսով։

Սուրիոյ Հասաքէ նահանգին մաս կազմող Գամիշլի քաղաքին մէջ, Սեպտեմբեր 30-ին տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով՝ պաշտօնական տուեալներուն համաձայն զոհուած է չորս մարդ, կան նաեւ վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը կրած է ծանր աստիճանի վնասներ: Ոչ պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝  մահացած է վիրաւորներէն եւս երկու հոգի: Պայթումին հետեւանքով մեծ վնասներ կրած են մօտակայքը գտնուող շինութիւնները: Փշրուած են մինչեւ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բնակարաններուն ապակիները։ Բնակիչներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տուժածներուն մէջ սուրիահայեր չկան։
Նշենք, որ Գամիշլիի մէջ, մինչ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, կը բնակէր մօտ 7000 սուրիահայ, գործող հայկական դպրոցներ կը յաճախէր մօտ 1500 աշակերտ։
Քաղաքը կը համարուէր Սուրիոյ ապահով քաղաքներէն մէկը: