Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, ֆրանսահայ ձայնասփիւռները ռատիօթոն մը կազմակերպած էին ի նպաստ Սուրիոյ հայ համայնքին:

Բարեսիրական այս գործողութեան կը մասնակցէին Փարիզեան շրջանի ԱՅԲ Էֆ.Էմ.-ը, Վիէնի «Ռատիօ Արմէնի»ն եւ Վալանսի «Ռատիօ Ա»ն: Առաջին արդիւնքներու համաձայն, Փարիզեան շրջանին մէջ 25 հազար, Վիէն, Վալանս եւ շրջաններուն մէջ ալ 10 հազար, ընդամէնը՝ 35 հազար եւրոյի նուիրատուութեան խոստում կատարուած էր:
ԱՄՆի մէջ, Կլէնտէյլ, «Սուրիահայերու օժանդակութեան գործադիր մարմին»ը Սեպտեմբեր 19ին «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ դրամահաւաք կազմակերպած է: Հանգանակուած է 147.000 տոլար:Այս դրամահաւաքին մասնակցած է 100 հոգի, ի շարս որոնց նաեւ կազմակերպութեանց ղեկավարները:«Սուրիահայերու օժանդակութեան գործադիր մարմնի» կազմին մէջ են Հայ աւետարանական համայնքի, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Արեւմտեան թեմի ազգային վարչութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարժարանի, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Զօրավիգ Սուրիոյ Հայութեան՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ՝ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան եպս. Սարգիսեան: Այս մասին կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիաս իր կարճ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Վեհափառ հայրապետին ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան հետ ու լայնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութեան ու յատկապէս հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը յանուն Ազգ. Իշխանութեան, յարակից մարմիններուն ու ժողովուրդին, իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ հայրապետին, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ու Սուրբ Աթոռին միաբանութեան, Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան ու նախանձախնդրութեան համար: Ապա ան յստակ իրո- ղութիւններու ու թիւերու հիման վրայ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ հայկական շրջաններու կրած նիւթական վնասներուն ու հայ զոհերուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը  անդրադարձաւ նաեւ գաղութին կարիքներուն, շեշտեց նիւթական օգնութեան ընթացքը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը ամբողջական ու ճշգրիտ պատկերը ունենալէ յետոյ Սուրիոյ մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան, հետեւեալը փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազանին՝
ա) Սուրիայէն ներս տակաւ շարունակուող տագնապը հարկ է դիմագրաւել հաւաքական հաւատքով, կամքով ու միասնակամ ոգիով՝ հեռու մնալով ամէն տեսակ յուսահատական ու բացասական մօտեցումներէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ զօրավիգ Սուրիոյ հայութեան:
բ) Ազգային Խորհուրդը ու յարակից մարմինները մօտէն պէտք է հետեւին կացութեան հոլովոյթին՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը ապահովելու իմաստով: Երեք համայնքներու հոգեւոր Առաջնորդները եւ մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ղեկավարները պէտք է մնայուն խորհրդակցութեան մէջ ըլլան:
գ) Հայ դպրոցը մեր ժողովուրդին համար կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն: Գոհունակութեամբ իմացանք, որ յարաբերաբար ապահով շրջաններէն ներս դպրոցները, ներառեալ հայ դպրոցները, սկսած են գործել: Այս ուղղութեամբ հարկ է ըլլալ շատ ուշադիր. մեր երեխաներու ապահովութիւնը պէտք է միշտ մնայ առաջնահերթ:
դ) Մեր կազմակերպութիւններէն ու գաղութներէն ցարդ եկած ու գալիք նիւթական նպաստը պէտք է հասցնել ամբո՜ղջ սուրիահայաութեան կարիքներուն, առանց խտրութեան: Հայ դպրոցը, ուսուցիչ թէ աշակերտութիւն, ու կարիքաւոր ընտանիքները պէտք է դառնան առաջնահերթութիւն։

Սուրիական կրթական ծրագրով դպրոց՝ Երեւանի մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող դպրոցներէն մէկուն մէջ պիտի բացուի դպրոց մը, որուն ծրագիրը համաձայն է սուրիական կրթական ծրագիրին։ Այս դպրոցը նախատեսուած է սուրիահայ այն աշակերտներուն համար, որոնց ծնողները կը նախընտրեն, որ իրենց զաւակը այդ դասընթացքին հետեւի։ Սուրիահայ աշակերտներուն արձանագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2-3 Հոկտեմբերին, իսկ դասերը պիտի սկսին 8 Հոկտեմբերին  Նար Դոսի անուան թիւ 14 դպրոցին մէջ: Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան բարեսիրական միութեան հովանաւորութեամբ։
Աշակերտները հայոց լեզու (արեւելահայերէն) եւ հայոց պատմութիւն նիւթերուն պիտի հետեւին որոշուած ծրագիրէն դուրս։