Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի լարուած մնալ ներքաղաքական իրավիճակը: Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած են յատկապէս պաշարման մէջ գտնուող Դամասկոսի մէջ բնակող հայերը եւ Հալէպ քաղաքի հայաշատ թաղամասերը:

Լոյս տեսաւ Ռոպէր Հատտէճեանի նոր գիրքը

Լոյս տեսաւ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի «Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի երրորդ հատորը։

Անձնական այցելութեամբ կարճ ժամանակ առաջ, Գանատայի Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ քաղաքները այցելեց Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանը։

Օր Մը Առաջ Առեւանգուած Երկու Երեխաները
Ազատ Արձակուած են
 

«Եռագոյն» կայքէջը կը հաղորդէ թէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին, Յուլիս 28-ին առեւանգուած երկու հայ պատանիները ազատ արձակուած են:

Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս
ճանչցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքին
 

Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին որպէս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք: