Օր Մը Առաջ Առեւանգուած Երկու Երեխաները
Ազատ Արձակուած են
«Եռագոյն» կայքէջը կը հաղորդէ թէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին, Յուլիս 28-ին առեւանգուած երկու հայ պատանիները ազատ արձակուած են:
Մեքենային մէջ կային երեք հայ ընտանիքներ, որոնց մէջ երկու հայ պատանիները: Զինեալները երեխաները տարած են անյայտ ուղղութեամբ, իսկ եօթը կիները ազատ արձակած:
Այժմ երեխաները նոյնպէս Սուրիոյ ապահով վայրի մը մէջ ազատութեան մէջ են։
Դժբախտաբար տեղեկութիւններ չկան նոյնպէս առեւանգուած չորս երիտասարդներուն համար:
Բացուած է Հալէպի Ռազմավարական
Մեծ Նշանակութիւն Ունեցող Ճանապարհը
Սուրիոյ Բանակի ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ալ Խանասեր բլուր կոչուող շրջանը, ուր կը գտնուի Համայէն Հալէպ տանող ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող ճանապարհը, որ կը հասնի մինչեւ Հալէպի միջազգային օդանաւակայան: Ան միակ ճանապարհն է ուրկէ կարելի է պարենային ապրանքներ մտցնել Հալէպ, կամ փոխադրամիջոցներ մուտք գործեն եւ դուրս ելեն Հալէպէն։ Այս մասին կը յայտնէ արաբական syrianow կայքը։