ԼԻԲԱՆԱՆ 

Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ Լիզա Սվաճեանի «Արեւ աչերով» անդրանիկ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէս 

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2013-ին,Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մեսրոպեանական Լիզա Սվաճեանի «Արեւ աչերով» անդրանիկ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը,

ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու, լիբանանահայ երգիչներու, արուեստասէրներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու ու խումբերու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ պատահականութիւն չէ, որ Լիզայի առաջին սկաւառակը կը ներկայացուի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որովհետեւ Լիզան եղած է Մեսրոպեանի աշակերտ, երգելու իր առաջին քայլերը կատարած է վարժարանին մէջ, եւ այդ քայլերուն առաջին գնահատողը եղած է նոյնինքն վարժարանը՝ իր երգի ուսուցիչով, պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի ճիգերով եւ հոգատարութեամբ:

Ապա Լիզա Սվաճեան երգեց «Արեւ աչերով» եւ «Հայը հայով» երգերը, որմէ ետք խօսք առաւ «Վանայ Ձայն» ռատիօ կայանի տնօրէն պրն.Աւետիս Կիտանեան, որ հաստատեց, թէ Սվաճեան լաւապէս կը մեկնաբանէ եւ կը ներկայացնէ հայ երգը:

Գեղարուեստական յայտագիրի բ. բաժինով Լիզա Սվաճեան Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբին ընկերակցութեամբ երգեց «Լեռներ հայրենի» եւ «Մայրիկիմ քնքուշ» երգերը, խմբավարութեամբ պրն.Մանուէլ Քէշիշեանի:

Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Սվաճեան իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն կողքին ապագային մեծ բեմերու վրայ կ՛ունենայ մեծ ելոյթներ՝ պատիւ բերելով իր ընտանիքին, վարժարանին, շրջապատին եւ ազգին:

Այս առիթով, խօսք առաւ Լիզա Սվաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Կարկանդակի հատումէն ետք, հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մի անուշ եար ունեմ» երգի կատարումով, ընկերակցութեամբ վարժարանի «Շուշի» պարախումբին: Պարուսոյց՝ տիկին Սարին Արթինեան: 

 -----------------------------------

ՋԱՒԱԽՔ 

Ախալցխայի մէջ բացումը կատարուեցաւ
«Ջաւախքի Ճամբար 2013» ամառնային ծրագիրին
 

22 Յուլիսին Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի բակին մէջ մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ «Ջաւախքի ճամբար 2013» ամառնային ծրագիրին:

Ճամբարի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի քայլերգով, որմէ ետք Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Յակոբ աբեղայ Սահակեանը եւ աւագ քահանայ Եղիշէ Յարութիւնեանը օրհնեցին ճամբարի բացումը:

Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային կեդրոնի ուսումնական բաժինի պատասխանատու, Akhaltskha.net-ի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Այվազեանը իր խօսքին մէջ բոլոր ներկաներուն անունով ողջունած է ճամբարի բացումը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ծրագիրի կազմակերպիչներուն: Անոր համաձայն, 13 օրերու ընթացքին երիտասարդները պիտի սորվին հայկական երգեր, պարեր եւ հայոց պատմութիւն, ինչ որ շատ կարեւոր է երիտասարդներուն հայեցի դաստիրակութեան համար:

«Ջաւախքի ճամբար 2013»ի Ախալցխայի պատասխանատու Սահակ Զաքարեանը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին՝ նման ծրագիրի իրականացման օժանդակելուն համար: Անոր համաձայն, նախորդ տարուան հետ բաղդատելով այս տարի 80ով աւելցած է մասնակիցներուն թիւը, ինչպէս նաեւ ճամբարին օրերը։

Նշենք, որ «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը կը կատարուի 2012 թուականէն, Հայ Օգնութեան Միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր օժանդակութիւններով: 

 -----------------------------------

 

Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատրեանի
մասին վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը 

Հոլիվուտի Եգիպտական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատրեանի մասին վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Ըստ «Ասպարէզ»ի, երկու ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնը նուիրուած է յօրինողի 110-ամեակին: Այն կը պատմէ մեծ յօրինողի բուռն ասպարէզի մասին՝ միաժամանակ ներկայացնելով արտիստներու համար խորհըրդային ռեժիմի դաժան իրողութիւնները:

Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր Լոս Անջելեսի մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան եւ «ARPA» կինոփառատօնի համատեղ ջանքերով։