ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիին:

ԼՈՆՏՈՆ

Մեծն Բրիտանիոյ աշխատաւորական երկու մեծագոյն սենտիքաները գործադուլներու շարք մը նախաձեռնած են Հոկտեմբերի մէջ, բողոքելով կառավարութեան նոր օրինագիծին դէմ, որ աշխատաւորներու ամսական վճարումները ուղղակիօրէն կ'առընչէ անոնց արտադրողական կարողութեան հետ:

«Մարզախաղը, որ ազգերը համախմբելու ձեւ մը պէտք է ըլլայ, կրնայ օգտագործուիլ երկրի մը իրականութիւնը թաքցնելու նպատակով»։ Այս խօսքերով սկիզբ կ’առնէ Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան հաղորդագրութիւնը, 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերուն նստավայրի ընտրութեան նախօրեակին։

«Սառը պատերազմի» մթնոլորտ՝ Փութինի եւ Օպամայի միջեւ Սուրիոյ հարցով

Սան Փեթերզպուրկի մէջ անվտանգութեան աննախընթաց խիստ միջոցներու տակ երէկ սկսաւ G-20ի գագաթնաժողովը, «սառը պատերազմի» օրեր յիշեցնող կլիմայի մէջ, Սուրիոյ հարցով՝ ԱՄՆի եւ Ռուսաստանի անհամաձայնութեան պայմաններու մէջ:

«Խոր շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր ազնիւ շնորհաւորական գիրը մեր ընտրութեան առիթով, որպէս Քաթարի իշխան: