Երէկ Հալէպէն Լիբանան ուղեւորուող «Զէյթունի Թուր» ընկերութեան պատկանող հանրակառքը յարձակման ենթարկուած է, Խանասեր շրջանին մօտ, անյայտ զինեալներու կողմէ։

Նախ մեքենայի ուղղութեամբ արձակուած են հրթիռ մը, ապա գործի անցած են դիպուկահարները: Յարձակման հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Նախնական տուեալներով վիրաւորուած է 15 հայ եւ զոհուած մէկ հայուհի՝ Թամար Սերուրեան, որ երկու զաւակներու մայր էր։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հալէպի մեր աղբիւրները։

Վիրաւորներուն մէջ կան դպրեվանքի սաներ: Ըստ մեր աղբիւրին՝ անոնց վիճակը ծանր չէ: 15 վիրաւորները տեղափոխուած են Հալէպի տարբեր հիւանդանոցներ՝ Ալթունեան, Ալրազի եւ Ալճամիաա։

Հանրակառքի ուղեւորներէն մէկը կը պատմէ.- «Փոխադրակառքը կեցաւ եւ զինուորներէն հրաման սպասեց որպէսզի քալէ, առաջին կապարը կոտրեց ապակին, երկրորդ կապարէն մեռաւ վարորդը: Ժողովուրդը գետին պառկեցաւ եւ ահաւոր իրավիճակ ……»: Աւելին չկրցաւ խօսիլ: