Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս
ճանչցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքին
 

Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին որպէս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէն- փրէս»ը՝ վկայակոչելով Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան պաշտօնական կայքը, Յուլիս 23-ին Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Գիդէոն Սաարի հրաւէրով Հայոց պատրիարքը, Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիբեանը եւ Գուսան աբեղայ Ալ- ջանեանը Քնեսէթին մէջ հանդիպեցան իսրայէլցի խորհրդարանականներուն հետ: Հանդիսաւոր ընդունելութենէն ետք Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարը Հայոց պատրիարքին յանձնեց պաշտօնական նամակ, որով Իսրայէլի կառավարութիւնը կը ճանչնայ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին՝ որպէս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք:

 

ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ

«Էլվիրա Ղազարեանի ձեռարուեստի աւանդը
Նոր Ջուղայի մէջ» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը

Նոր Ջուղայի մէջ բազմավաստակ ուսուցչուհի եւ ձեռարուեստի մեծ վարպետ Էլվիրա Ղազարեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Էլվիրա Ղազարեանի ձեռարուեստի աւանդը Նոր Ջուղայի մէջ» խորագիրը կրող ձեռարուեստի գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ ընդգրկուած են 85-ամեայ հայուհիին կենսագրական տուեալները եւ իւրօրինակ ձեռագործներուն լուսանկարները:

Էլվիրա Ղազարեանին կրտսեր քոյրը՝ Դիանա Ղազարեան (Խաչիկեան) խօսք առնելով՝ բացատրեց, թէ իրականացնելով իր աւագ քրոջ վաղեմի երազանքը՝ ձեռարուեստի գիրքի տպագրման, եւ նպատակ ունենալով յաւերժացնելու անոր բացառիկ արուեստը, նախաձեռնած է այս գիրքի տպագրութեան՝ յոյս ունենալով, որ անիկա ապագայ սերունդի մէջ սէր եւ ճաշակ կը յառաջացնէ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին «Քանանեան» դպրոցի փոխտեսուչ Ռիմա Սիմոնեան, Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի վարչութեան նախագահ Քարմեն Ղեւեան, «Արմէն» տարրական կրթահամալիրի տեսուչ Լիոնթին Աբրահամեան եւ Կրթական խորհուրդի ատենապետ Ջանսոն Աղաբաբայեան:

Աւարտին թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց բազմավաստակ ուսուցչուհիի գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ գտնուելու կապակցութեամբ եւ շնորհաւորեց գիրքին լոյս ընծայումը՝ շեշտելով, որ մենք պէտք է արժեւորենք մեր մեծերը եւ անոնց գործերը:

Յայտնենք, որ նոյն վայրին մէջ կազմակերպուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին Ղազարեանին եզակի աշխատանքները:

ԼԻՈՆ

Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս նշանակուած է Նիկոլայ Սարկիսով 

45ամեայ Սարկիսով ծնած է Մոսկուա: Նախ, գունաւոր մետաղներու առեւտուրով զբաղող ընկերութիւններու մէջ զանազան պաշտօններ վարած է, ապա 1995էն աշխատակցած է ապահովագրական ընկերութեան մը, նախ որպէս վարչութեան տնօրէն, ապա՝ որպէս փոխնախագահ, յետոյ դարձած է անոր տնօրէններու խորհուրդի անդամ:

2000ին աւարտած է Կառավարման պետական ակադեմիան: Ամուսնացած է, վեց զաւակներու հայր է:

Ըստ Forbes ամսագրի ռուսաստանեան տարբերակին՝ Սարկիսովի հարստութիւնը կը գնահատուի 1,35 միլիառ տոլար:

Անոր անունը ծանօթ է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ բարեսիրական իր մեծ նախաձեռնութիւններով։