Անթիլիասի հայոց կաթողիկոսարանէն տարածուած հաղորդագրութեամբ մը կ'իմացուի թէ Հինգշաբթի, Օգոստոս 8ի առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը 3 Օգոստոսին նամակ յղած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտնեն, թէ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան նշանակուած է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան իր առաքելութեան սկսաւ արդէն Օգոստոս 1ին։

ԿԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ 

Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, Ռեյհանլը բնակավայրի մօտ, վառելիքի մաքսանենգներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած փոխ հրաձգութեան հետեւանքով 8 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է։

Յայտնի ռոք երգիչ Սերժ Թանքեանը Hollywood Bowl-ին մէջ Յուլիս 29-ին հանդէս եկաւ համերգով, որը անցած է շատ յաջող: