Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի թղթակից Զարմիկ Պօղիկեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հալէպի մէջ ռումբի պայթումէն հայ կին մը վիրաւորուած է: Վիրաւորուած կինը չէ ուզած, որ իր անունը հրապարակուի:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Հալէպի շրջափակումը ճեղքուած է: «Անցեալ շաբաթ Հալէպի  շրջափակումը որոշ չափով ճեղքուեցաւ, երբ պետական մարմիններու ջանքերով դէպի Հալէպ անվտանգ ուղի բացուեցաւ սննդամթերքի փոխանցման համար: «Ութ ամիս փակ մնալէ ետք, քաղաքին մէջ վերջին օրերուն բաց- ւած են վառելանիւթի հինգ կայաններ, ուր պենզինը կը վաճառուի ընդունելի գինով: Քանի մը օրէ այդ կայաններուն մօտ հերթի կանգնած են ինքնաշարժները: Որոշ փուռեր ալ սկսած են գործել եւ հաց կը մատակարարեն» ըսած է ան: