Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ. «Նելսըն Մանտելայի մահը Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը ձգեց առանց հօր եւ աշխարհը՝ առանց արդարութեան ու մարդկային իրաւանց կենդանի խորհրդանիշի մը»:

Թեհրանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ Դեկտեմբեր 5-6-ին «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատը այսօր» 10-րդ յոբելեանական խորհրդաժողովը:

Հայաբնակ Հալէպի մէջ իրավիճակը տակաւին չէ հանդարտած: Մարիա Գաբրիէլեան յայտնած է, որ բախումներուն իբրեւ հետեւանք դարձեալ հայ մը զոհուած է:

Երէկ գիշեր, Չորեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ՝ Յովհաննէս Եազճի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Պալամանտ վանքին մէջ։

Երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հաւաք մը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: