Ինչպէս մեր երէկուան թիւով կը հաղորդէինք Սուրիոյ քրիստոնէաբնակ Մալուլա քաղաքը անցած է ապստամբներու ձեռքը: Մալուլայի բնակիչներու մէկ մասը յաջողած է լքել քաղաքը եւ հաստատուիլ անկէ 60 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ:
Թէեւ հոն ալ իրավիճակը խաղաղ կարելի չէ բնութագրել, այսուհանդերձ փախստականները աւելի ապահով կը զգան իրենք զիրենք:
Սուրիոյ քրիստոնէաբնակ եւ պատմական Մալուլա քաղաքը անցած է ապստամբներու վերահսկողութեան տակ: Ըստ յունական եւ ռուսական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, զինեալները պատանդ վերցուցած են քաղաքի մենաստանի մէջ ապրող 12 մայրապետները, պղծած ու թալանած են մի քանի եկեղեցիներ:
Այս տեղեկութիւնները հաստատոեցան նաեւ Լոնտոնի մէջ գործող՝ Մարդու իրաւունքներու հարցով դիտորդական մարմնոյ կողմէ: