Հայաբնակ Հալէպի մէջ իրավիճակը տակաւին չէ հանդարտած: Մարիա Գաբրիէլեան յայտնած է, որ բախումներուն իբրեւ հետեւանք դարձեալ հայ մը զոհուած է:

Մահացած է 26ամեայ Հայկ Արգաշատեանը: Ինչպէս կը հաղորդուի 7 Դեկտեմբերին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է անոր յուղարկաւորութիւնը:

«Եռագոյն» կայքէջը կը հաղորդէ թէ օր մը առաջ, 6 Դեկտեմբերին, Գամիշլի քաղաքի Ալ Թայ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումի իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են երեք հայեր, որոնցմէ մէկը՝ Վագօ Թովմասեանը աւելի ուշ մահացած է: