Գոհունակութեան խորունկ զգացումով ու հաճոյքով, Հայկազեան համալսարանին մէջ յայտարարուեցաւ հաստատումը Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեան մնայուն կրթանպաստին:

Արդարեւ, տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեաններ 250,000 ամերիկեան տոլարի հայ ուսանողներու կրթանպաստի անձեռնմխելի ֆոնտ մը հաստատեցին Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Լիբանանահայութեան ծոցին մէջ իր վաթսունամեակի սեմին գըտնուող Հայկազեան համալսարանին համար իւրօրինակ այս նուիրատուութեան պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ 2 Դեկտեմբեր 2013-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ, սեղմ շրջանակի մը մէջ:

Իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան բարձր գնահատեց այս նուիրաբերումը՝ մատնանշելով, որ համալսարանի մեծագոյն իրագործումը «հայ ուսանողին կրթանպաստ հայթայթելով համալսարանական կրթութեան առիթ յառաջացնելն է»՝ ընդգծելով, որ «մեր մեծագոյն պէտքերը այդ կալուածին մէջ են»: Ապա ան անդրադարձաւ բարերար ամոլին, շեշտելով անոր երկարամեայ ծառայութիւնները լիբանանահայութեան, եւ աւելցուց, որ Արմէն Յարութիւնեան բազմիցս օգտակար դարձած է լիբանանահայ կրթական ասպարէզին: Վեր. Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ներկայ նուիրատուութիւնը կու գայ կրթանպաստի մեծ կարիքներուն իր կարեւոր օգտակարութիւնը ունենալու:

Ապա համառօտակի ներկայացուեցան Արմէն Յարութիւնեանի կենսագրականը եւ հրատարակչական գործունէութիւնը:

Խօսք առնելով‘ բարերար Արմէն Յարութիւնեան «բարի» գտաւ նպատակը արարողութեան եւ մաղթեց, որ նման արարողութիւններ շատնան: Ան նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը հայ երիտասարդութիւն կը մէկտեղէ եւ հայեցի մթնոլորտի մէջ զանազան մասնագիտութիւններ կը ջամբէ, որով կը բարձրանայ մեր ազգին ուսումնական արժեչափը: