Թեհրանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ Դեկտեմբեր 5-6-ին «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատը այսօր» 10-րդ յոբելեանական խորհրդաժողովը:
Մասնակից զեկուցաբերները, որոնք ժամանած էին՝ Եւրոպայէն, Հայաստանէն եւ հայրենի Ջաւախքէն ու Արցախէն իրենց իրանահայ գործընկերներուն հետ համաժողովի առաջին օրը անդրադարձան մերօրեայ Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան հասկացութիւններուն:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը ներկայացուց «Հայ Դատը, պահանջատիրութիւնը եւ Հայոց Եկեղեցին» թեմայով իր զեկոյցը:
Հայ Դատի խնդիրներու եւ պահանջատիրութեան հետ կապուած ՀՀ պաշտօնական տեսակէտը փոխանցեց Իրանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայ Դատը եւ պահանջատիրութիւնը՝ մշակոյթի եւ արուեստի լեզուով համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու եւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը առաւել եւս ճանաչելի դարձնելու խնդիրներուն: Ընդգծուեցաւ յատկապէս առաւել ժամանակակից եւ մատչելի ձեւեր օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս շարժանկարով նիւթերը մատուցելու արդիւնաւէտութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի Կենտրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը ներկայացուց Կեդրոնական գրասենեակի աշ- խատանքային զեկոյցը, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը՝ Եւրոպայի գրասենեակի զեկոյցը եւ Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխ նախագահ Արամ Շահնազարեանը՝ Թեհրանի Հայ Դատի աշխատանքային զեկոյցը:
Խորհրդաժողովը քննարկման առնելով Հայ Դատի ծիրէն ներս իր աշխատանքները՝ արծարծեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Ջաւախքի, Թուրքիայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի ու յատկապէս Իրանի հետ կապուած խնդիրներ: Անդրադարձ եղաւ Մաքսային միութեան ՀՀ-ի անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան հետ կապուած տարածաշրջանային հնարաւոր վերադասաւորումներուն:
Քննութեան տակ առնուեցաւ նաեւ մամուլի դերակատարութիւնը Հայ Դատի քարոզչութեան (հայկական մամուլ) եւ հակաքարոզչութեան (Ատրպէյճան, Թուրքիա) հնարաւոր ազդեցութիւններուն շուրջ:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց քննարկելով երիտասարդութեան դերը՝ 100-ամեակի սեմին թեման:
Երկօրեայ այս խորհրդաժողովը կարեւորուեցաւ յոբելենական 10ամեայ թուականի նշումով: Յաջորդող տասնամեակները կրնան սկիզբ դառնալ նորանոր նուաճումներու, որ իրավիճակները փոփոխութեան ենթարկող ազդեցիկ դերակատարութիւն կրնան ունենալ՝ Հայ Դատի եւ մեր ազգային հիմնահարցերու պահանջատիրութեան մէջ: