ՀՕՄի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղը իր 25ամեակը տօնեց պատշաճ հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ 27 Նոյեմբերին, «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Ներկայ էին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Վարուժան արքեպիսկոպոս, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ տէր եւ տիկին Վարդգէս Մահտեսեան, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Արթօ Դաւիթեան, Թեմական Ժողովի ատենապետ տէր եւ տիկին Սեպուհ Դաւիթեան, կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձրութեան ատենապետ տէր եւ տիկին Վարդան Թաշճեան, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի հոգեւոր հովիւները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄի ու Համազգայինի ներկայացուցիչները:

Յայտագիրը բացուեցաւ ՀՕՄի օրհներգով եւ Կիպրոսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկ. Լուիզ Այնէճեանի խօսքով, որ անդրադարձաւ մասնաճիւղի կազմութեան առաջին տարիներուն, որոնք զուգադիպեցան Հայաստանի երկրաշարժին եւ արցախեան ազատագրական պայքարի դժնդակ օրերուն: Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց կիպրահայ գաղութին, որ սիրով ու համակրանքով ընդունած էր ՀՕՄի գործունէութիւնը:

Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Լիզա Աւագեանը, որ դրուատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄի Կիպրոսի մեկուսի մասնաճիւղի 25ամեայ գործունէութեան մասին, նշելով այն բոլոր ծրագիրներն ու աշխատանքները, որոնց խանդավառութեամբ ու անմիջականօրէն մասնակցած են Կիպրոսի ընկերուհիները ու յատկապէս Ստեփանակերտի առաջին «Սօսէ» մանկապարտէզի պարագան, որուն վերակառուցումը ատենին ստանձնած էր Կիպրոսի միաւորը եւ որուն մինչեւ օրս կը շարունակէ նպաստել տարեկան յատկացումով մը:

Ընկ. Լիզա Աւագեան նշեց, թէ օրէ օր բազմացող դժուարութիւններն ու տագնապները պէտք է նոր մարտահրաւէրներ նկատուին ՀՕՄի ընկերուհիներուն կողմէ, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց հայրենակերտ աշխատանքը: Ան իր խօսքը աւարտեց նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Կիպրոսի «Սօսէ» միաւորին:

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի «Սիփան» պարախումբը, որ հայրենի պարուսոյց Պետրոս Ղարիպեանի ղեկավարութեամբ՝ «Իրիկնային» եւ «Պարմանի» աղջիկներու պարերով դարձեալ հմայեց ներկաները:

Այս բաժինով ՀՕՄը կիպրահայ հանդիսատեսին հրամցուց նաեւ անակնկալ մը, աւանդականին կողքին ներկայացնելով նաեւ արդիականը, յանձինս շնորհալի երգչուհի Ալիս Այվազեանի եւ իրեն ընկերակցող Ալեքսանդր Ռոտրիկէզի, որոնք հայկական ու այլ ճազ երգերու շարքով մը խանդավառեցին ներկաները:

25ամեակի գեղեցիկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ Վարուժան արքեպիսկոպոսի հայրական պատգամով, որուն մէջ ան գնահատեց ՀՕՄի լայնատարած աշխատանքը ու իր «Օրհնութեան Գիր»ով յորդորեց ընկերուհիներուն շարունակելու իրենց մայրական առաքելութիւնը, քանի ՀՕՄը միայն 1910ին չէ որ սկսաւ իր գործին, այլ՝ մեր պատմութեան արեւածագէն իսկ, քանի բարեսիրութիւնն  ու խնամատարութիւնը կը  գտնուի մեր ծիներուն մէջ:

25ամեակի նշումը շարունակուեցաւ նաեւ յաջորդ օր՝ 28 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ անդամական արտակարգ ժողովով մը, որու ընթացքին ընկ. Լիզա Աւագեան դասախօսեց ՀՕՄի առաքելութեան եւ նոր մարտահրաւէրներու մասին, պատասխանելով ընկերուհիներու հարցումներուն եւ զրուցելով անոնց հետ:

Նիստի վերջաւորութեան բերուեցաւ 25ամեակի կարկանդակը, որը հատուեցաւ 1988ին նշանակուած առաջին՝ առժամեայ վարչութեան մաս կազմած եւ մինչեւ օրս գործօն, նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամուհի ընկ. Վերա Դաւիթեանի կողմէ: