Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին եւ ընդհանուր քարտուղարին ուղղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ. «Նելսըն Մանտելայի մահը Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը ձգեց առանց հօր եւ աշխարհը՝ առանց արդարութեան ու մարդկային իրաւանց կենդանի խորհրդանիշի մը»:
Վեհափառ հայրապետը կ՛աւելցնէ. «Միջեկեղեցական շարժումը միշտ պիտի յիշէ Նելսըն Մանտելան իբրեւ մեծ ղեկավար, որ ոչ միայն պայքարեցաւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան համար ու շեշտեց համախոհութեան կարեւորութիւնը, այլ նաեւ այս գերագոյն արժէքները գործնա- պէս արտայայտեց իր կեանքին մէջ»:
Վեհափառը կը հաստատէ, որ «հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ ներշընչուած մարդկային իրաւանց նկատմամբ Նելսըն Մանտելայի ամուր յանձնառութենէն: Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ, որ ծննդավայրն է միաստուածեան երեք կրօններուն եւ ուր խաղաղ գոյակցութիւնն ու փոխադարձ ճանաչումը միշտ ներկայութիւն են մեր աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ, Մանտելային մեծ աւանդը կը մնայ յոյսի աղբիւր»: